Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սեպուհ Յովնանեան այցելեցին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի ու ջուրի նախարարութեանց առնչուող հարցերը:


