Երէկ, հինգշաբթի կէսօրուան ժամերուն լիբանանեան բանակի հրասայլեր եւ հետախուզական խմբակներ տարածուեցան հիւսիսային Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ` խուզարկութեան անցարգելներ հաստատելով Ռիաքի, Մարժի, Տէյր Զանունի, Ապլահի եւ Ֆաուրի մէջ: Բանակային տարրերու խտացեալ շարքերով տեղակայումը կը միտի նախ եւ առաջ ձերբակալել օրինազանցներն ու «պահանջուող» փախստականները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն իսկ արգելափակուած են:
Օրինազանցներու հետապնդումին համար բանակը օգտագործեց նաեւ երեք ուղղաթիռներ` Պրիթալի թէ Հուր Թաալա շրջաններու եւ մերձակայ պարտէզներուն եւ անտառներուն մէջ կասկածելի թէ օրինազանց տարրեր փնտռելով:
Բանակի այս քայլը գոհունակութեան լայն ալիք յառաջացուց տեղացիներու մեծամասնութեան մօտ, որոնք երկար ատենէ ի վեր չէին տեսած ապահովական օրինական տարրեր շրջանին մէջ:
Միւս կողմէ, կարգ մը բնակիչներ ընդվզեցան միջոցառումներուն դէմ` պահանջելով «ձերբակալել» երեսփոխաններն ու նախարարները:


