Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Վարչապետի Նշանակման Հարցով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

April 10, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արսէն Համբարձումեան
Արսէն Համբարձումեան

Հայ յեղափոխական դաշնակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան News.am-ի թղթակիցին յայտնեց, որ օրէնքի պահանջով եւ տրամաբանութեամբ վարչապետի եւ կառավարութեան ձեւաւորման ծիրին մէջ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական ուժերուն հետ, եւ ըստ անոր, նմանատիպ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներուն հետ: Թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի հանդիպին, որո՞նք պիտի մասնակցին ՀՅԴ-էն, առայժմ յայտնի չէ, պիտի որոշուի յառաջիկային:

«Մենք ծրագիր ունինք յստակ մօտեցումներու եւ առաջարկներու, որոնք նոր ձեւաւորուած չեն, եւ բնականաբար մենք կը պատրաստուինք մեր առաջարկները ներկայացնելու: Պիտի պարզուի մեր վերաբերմունքը վարչապետի նշանակման, կառավարութեան ձեւաւորման վերաբերեալ», նշեց ան:

Իսկ թէ ի՛նչ առաջարկներ ՀՅԴ-ն կը պատրաստուի ներկայացնելու նախագահին, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ այդ առաջարկները ձեւաւորուած են  նոյեմբերին  2012-ին հրապարակուած 7 կէտերու շուրջ, որոնցմէ կարելի է նշել` անցում կառավարման խորհրդարանական համակարգին, 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին, պիզնըսի եւ քաղաքականութեան տարանջատում, «Ընտրական օրէնսգիրք»-ի արմատական փոփոխութիւն, ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներու տրամադրում, հայ-թրքական արձանագրութիւններէն ստորագրութիւններու յետս կոչում, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքում եւ այլն:

Ինչ կը վերաբերի ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ ատիկա կը քննարկուի մամուլով, եւ եթէ քննարկուի, տակաւին չի նշանակեր, որ այդ մասին խօսք կայ: «Անձերու փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ, մենք ունինք յստակ պատկերացումներ, թէ ի՛նչ պէտք է կատարուի արմատական փոփոխութիւններ ընելու ուղղութեամբ», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետի պաշտօնին, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի թեկնածութեան եւ մասնաւորաբար, թէ որքանով ատիկա ընդունելի է ՀՅԴ-ի համար, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ չի ցանկար ենթադրութիւններ ընել, քանի որ յաճախ քննարկուող ենթադրեալ փոփոխութիւնները, կը պարզուի, թէ իրականութեան հետ կապ չունին:

ՀՅԴ-ն կը խօսի վարչապետի մասին, երբ յստականայ, թէ վարչապետի թեկնածութիւնը յստակօրէն ո՛ր անձին շուրջ կը դառնայ:

 

Նախորդը

Քոնկրեսականներ Ամերիկեան Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն Հետաքննելու Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Դերը

Յաջորդը

Մարգարեան. «Քեսապցին Սպասում Է, Որ Վերադառնայ Քեսապ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.