
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան News.am-ի թղթակիցին յայտնեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականը անակնկալ չէր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը սպասէ՞ր դէպքերու այսպիսի զարգացման, Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ «եթէ անակնկալ չէր, ուրեմն կը սպասէին այսպիսի զարգացումի»:
Անդրադառնալով այն հարցումին, որ ոչ իշխանական քաղաքական ուժերու քառեակը ե՞րբ կը պատրաստուի քննարկել Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականը եւ հետագայ աշխատանքները, դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ յառաջիկային պիտի հաւաքուին, պիտի քննարկեն եւ որոշում տան:


