Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակուտականներ Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 5, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպըրթ Մենենտես եւ Մարք Քըրք
Ռոպըրթ Մենենտես եւ Մարք Քըրք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւ ներկայացուցած են` Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ուղղելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակել` հիմնուելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարիտ ճանաչման վրայ: Բանաձեւին միացած են նաեւ ծերակուտականներ Պարպարա Պոքսըր եւ Էտ Մարքէյ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտականներ Մենենտեսին եւ Քըրքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին այս յառաջադէմ բանաձեւը առաջարկելնուն համար, բանաձեւ մը որ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղէ աջակցելու հայ-թրքական անաչառ եւ կառուցողական յարաբերութիւններու կոփման` հիմնուած Թուրքիոյ կողմէ տակաւին անպատիժ մնացած յանցագործութեան ընդունման վրայ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին մենք անհամբեր կը սպասենք, որ Ծերակոյտի մեր ընկերները ընդունին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մասին այս կենսական կարեւորութիւն ունեցող բանաձեւը»:

Բանաձեւը ներկայացուցած Մենենտես հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը զարհուրելի փաստացի իրողութիւն է, որ երբեք չի կրնար ժխտուիլ: Այս բանաձեւը ամէնէն խիստ առումներով կը վերահաստատէ, որ մենք միշտ կը յիշենք այս ողբերգութիւնը եւ կը յարգենք յիշատակը անմեղ հայ տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն, որոնք սպաննուած եւ արտաքսուած են իրենց հայրենիքէն: Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ուսուցանուի, ճանչցուի եւ ոգեկոչուի` նման ոճրագործութիւններու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար»:

Քըրք յիշեցուց, որ 2015-ին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցը, որուն ընթացքին շուրջ 1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: «Միայն քանի մը խիզախ վերապրածներ մնացած են, ինչպէս` Շիքակոյէն 107-ամեայ Հելեն Պալոյեանը, որ կորսնցուցած էր իր ծնողներն ու երկու եղբայրները: Վերապրածներուն եւ զոհուածներուն յիշատակը պատուելու համար, ինչպէս նաեւ առաջնորդուելով համամարդկային արժէքներով` Միացեալ Նահանգները պէտք է վերջապէս միանան Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից 11 պետութիւններուն` պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը», իր խօսքին մէջ նշած է Քըրք:

Օրէնքի բանաձեւը Ծերակոյտի ուշադրութիւնը մասնաւորաբար կը հրաւիրէ հետեւեալ կէտերուն վրայ. 24 ապրիլ 2014-ին յիշել եւ ուսումնասիրել Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք է աշխատի արդար, կառուցողական, կայուն եւ ամուր հայ-թրքական յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղութեամբ, որ պիտի ներառէ Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստերու լիովին ընդունումը: Կը նշուի նաեւ, որ նախագահը պէտք է երաշխաւորէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը պատշաճ գիտակցութիւն եւ զգայունութիւն արտացոլէ մարդու իրաւունքներու, մարդկութեան դէմ յանցագործութեան, ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ խնդիրներու նկատմամբ, որոնք վաւերագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւններուն մէջ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Տէյվիտ Վալատոյի, Էտըմ Շիֆի եւ քոնկրեսին մէջ Հայաստանի հարցերով զբաղող յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոնէի ու Մայքըլ կրիմի ներկայացուցած ցեղասպանութեան արդարութեան մասին բանաձեւը արդէն ունի շուրջ 50 աջակիցներ:

 

Նախորդը

Նալբանդեան Մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի Հանդիպումին

Յաջորդը

Քեսապի Զօրակցական Հաւաքներ` Թորոնթոյի Եւ Մոնրէալի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.