Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Պաշտօնապէս Առաջադրեց Սամիր Ժահժահի Թեկնածութիւնը

April 5, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ժողովէն պահ մը
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ժողովէն պահ մը

Նախագահական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն ծիրին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը երէկ պաշտօնապէս առաջադրեց իր ղեկավարին` Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը արտակարգ նիստի մը ընթացքին միաձայնութեամբ կատարեց Ժահժահի թեկնածութեան առաջադրումը` համոզում յայտնելով, որ իր թեկնածուն պիտի կարենայ այս հանգրուանին արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնել` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ սահմանադրական, քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային քաոսային իրավիճակ մը:

Իր կարգին, Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իբրեւ թեկնածու իր ներկայացնելիք ծրագիրը պատմական առումով անկիւնադարձային կրնայ ըլլալ, եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով իրենք ստանձնած են հսկայ պատասխանատուութիւն:

«Մենք չենք հաւաքուած փոփոխութեան ենթարկելու ներքին լիբանանեան կարգն ու կանոնը կամ ճշդելու դաշնակիցները, ընդհակառակն` մենք եկած ենք Լիբանանը փոխադրելու դէպի բարօրութիւն եւ կայունութիւն», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ խստիւ դատապարտեց կատարուածը` նշելով, որ այս օրը Լիբանանի պատմութեան մէջ սեւ օր է, որովհետեւ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն սպաննող ոճրագործը կրցած է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

«Թէեւ ես չեմ կրնար արգիլել այս ոճրագործին հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հասնելու հոլովոյթը եւ չեմ փափաքիր խօսք մը ուղղել անոր թմբկահարողներուն եւ կամ անոր թեկնածութեան առաջադրումին մասին լուռ մնացողներուն, սակայն խօսքս կ՛ուղղեմ մարոնի հեղինակութեան, որ ազգային ուխտին եւ ճշգրիտ հաւասարակշռութեամբ օժանդակեց հանրապետութեան եւ պետութեան հիմնումին, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեմ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին որդեգրելու պատմական կեցուածք մը, որ համազօր է Լիբանանի պահպանումին մէջ իր նախորդներուն ունեցած հսկայ դերակատարութեան:

«Հանգուցեալ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի հոգին այսօր Ռայի պատրիարքին կ՛ըսէ, թէ իրենց ճանչցած Լիբանանը կ՛ուղղուի դէպի անէացում, իսկ մարոնի համայնքը պէտք է վերագտնէ այս երկիրը պահպանելու իր կարողութիւնը եւ մարոնի համայնքը փրկէ Իսրայէլէն», շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ:

Նշենք նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան մասին վարչապետ Թամմամ Սալամ «Ամն Աամ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը ըլլայ «լիբանանեան արտադրութիւն», այլ խօսքով` լիբանանեան որոշումով ընտրուած նախագահ մը:

Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ առանց յապաղումի կատարելու` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը իրենց համար խստիւ մերժելի է:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ամոսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Դեսպան Ա. Քոչարեան Այցելեց Պասիլի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.