Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Մասնակցեցաւ Ջաւախքի Եւ Յարակից Հայօճախներու Իրավիճակը Պարզող Ձեռնարկներուն

April 5, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

javakhk1-0404ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք – Արցախ – Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին նախաձեռնած ու կազմակերպած «Ջաւախեան շաբաթ»-ի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ երիտասարդական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հայրենասէր ազգայինններու:

ՋԱՀ-ի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Արին Գալուստեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Ջաւախքի պատմականը, արդի իրավիճակն ու անոր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

«Պատմութեան ընթացքին Ջաւախք բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է վրացական, արաբական, մոնկոլեան, պարսկական, ռուսական եւ թրքական տիրապետութեան, սակայն երբեք չէ կորսնցուցած իր հայկական ինքնութիւնը», ըսաւ Գալուստեան` նշելով, որ համաշարհային առաջին պատերազմն ու յաջորդող պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը վիժեցուցին եւ ձախողեցուցին Լոռիի եւ Գիւմրիի հետ միատարր հայկական նահանգ կազմելու ջաւախահայութեան դարասկիզբի ծրագիրը: Թուելով անցնող տասնամեակներուն ջաւախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները` հայաթափումի թէ հակահայ քաղաքականութեան իմաստով, Գալուստեան շեշտեց ջաւախահայութեան դիմադրական ոգին, «որ պէտք է դառնայ համազգային հրամայական»:

«Ջաւախահայութեան դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եղած են եւ պէտք է շարունակեն մնալ սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան ուշադրութեան կիզակէտը», ըսաւ Գալուստեան` նշելով, որ Արցախէն, Հայաստանէն, Հալէպէն ու Քեսապէն ետք, լիբանանահայութիւնը նաեւ զօրավիգ է ջաւախահայութեան պահանջատիրական քայլերուն:

javakhk2-0404Ջաւախքի եւ յարակից հայկական շրջաններու իրավիճակին անդրադարձող այս ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը Ախալցխայի հայ օճախին մասին` պատմական ու աշխարհագրական տեղեկութիւններու կողքին կենդանի վկայութիւններով` Ախալցխայի հայերուն կողմէ:

javakh-0404Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր-բանախօս, Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան, որ ներկայացուց Ջաւախքի պատմական, աշխարհագրական, ընկերային-տնտեսական, կրօնական, կրթական իրավիճակն ու անոր դէմ ցցուող վրացականացման թէ ձուլման ու հայաթափման մարտահրաւէրները: «Պատմական մեծ Հայքի Գուգարքի նահանգի հիւսիսարեւմտեան քանի մը գաւառները այսօր կը հանդիսանան Վրաստանի հարաւային Սամցխէ-Ջաւախք նահանգը եւ վերջինիս սահմանակից Ծալկայի շրջանը` միասնաբար կազմելով շուրջ 7463 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն», ըսաւ Գաբրիէլեան` թուելով Ջաւախքի հայկական դիմագիծին սպառնացող վտանգները, ինչպէս` Կարս-Ախալքալաք երկաթուղին, վրացական պետութեան եթէ ոչ բացայայտ, բայց հաստատ հակահայ քաղաքականութիւնը, Ջաւախքը մեկուսացնելու միտող թուրք-ազրպէյճանական քաղաքական սադրանքները եւ այլն:

javakh1-0404Ջաւախքցի բանախօսը զգուշացուց համարկումի պիտակին տակ ջաւախահայութեան ձուլման ձգտող վրացական իշխանութեանց քաղաքականութենէն: Վրացական պետութիւնը կ՛ուզէ աղճատել Ջաւախքի հայ մշակոյթը:

Այդ մէկը ակներեւ է կիրարկուող կրթական, տնտեսական թէ քաղաքական միջոցառումներուն մէջ: Օրինակ` թուրք-ազրպէյճանական շինարարական ընկերութիւններ վրացական պետութեան գիտութեամբ պայմանաւորուած են ոչ մէկ ջաւախեցի հայ ներառել այդ ընկերութեանց աշխատաւորներու ցանկին մէջ: Արտակ Գաբրիէլեան նաեւ զգուշացուց Ջաւախքին սպառնացող «հայաթափում»-ի վտանգէն, որ հիմնականին մէջ հետեւանք է թուրք-ազրպէյճանական թափանցումին: Գաբրիէլեան անդրադարձաւ նաեւ ներկայիս տիրող իրադրութեան, քաղաքական թէ տնտեսական առումով, Հայաստանի` Մաքսային միութեան միացման լոյսին տակ: Անդրադառնալով կրօնական իրավիճակին` բանախօսը ընդգծեց Ջաւախքի յատուկ թեմ ունենալու ջաւախահայութեան փափաքը` տրուած ըլլալով, որ Ջաւախքի երկու հարիւր հազար հաշուող (ըստ Վրաստանի 2002-ի պաշտօնական մարդահամարին) հայութեան համար մէկուկէս տասնեակ քահանաներ անբաւարար են: Իսկ կուսակցական կեանքին անդրադառնալով` Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Ջաւախքի մէջ հայկական կուսակցութիւն չկայ: Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը: Գաբրիէլեան շեշտը դրաւ թուրք-ազրպէյճանական ախորժակներուն վրայ, ուր Ասիան Եւրոպային միացնելու պիտակին տակ Պաքու – Թիֆլիս – Ճէյհան քարիւղատարին ճամբով կ՛ուզեն իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ պահել նշեալ քարիւղատարին յարակից շրջանները, որոնց կարգին` Ջաւախքը:

Ապա Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայկ» պարի խումբերը միացեալ ելոյթ ունեցան` ներկաներուն «հրամցնելով» ջաւախահայութեան յատուկ պարեր:

Նախքան այդ, պարախումբին կողմէ յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ ՋԱՀ-ի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեան:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Արտակ Գաբրիէլեանի Հետ` Ջաւախքի Հարցերուն Շուրջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.