Ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ջաւախքի կրթական-մշակութային, ընկերային-տնտեսական, առողջապահութեան, քաղաքական, եւ տեղեկատուական մարզերուն մէջ դիմագրաւած հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Ջաւախքը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Ջաւախքի մէջ գտնուող հայկական դպրոցներուն մէջ կրթական մակարդակը բաւական տկար է, որովհետեւ կրթական համակարգը երկլեզու է` աւելցնելով, որ կրթական համակարգին մէջ գործող այդ երկլեզու դրութիւնը բաւական բարդ է:
Ան ըսաւ, որ Ջաւախքի ընկերային-տնտեսական հարցի վատ վիճակին պատճառով բարձրագոյն ուսման համար մեկնող երիտասարդը չի վերադառնար: Մեծ խնդիր ունի նաեւ առողջապահութեան մարզը:
Անդրադառնալով Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան` Գաբրիէլեան նշեց, որ նոր իշխանութիւնները խոստմնալից են եւ դրականօրէն կը վերաբերին հայկական հարցերուն: Ան ըսաւ, որ իրենք ներկայ իշխանութիւններէն շատ ակնկալիքներ ունին, սակայն սպասողական վիճակի մէջ են:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:


