Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 125 քկ դասակարգի մրցումներուն, Անդրանիկ Գալստեան պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը:
Սակայն ան ցարդ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած պրոնզ մետալի մը տիրանալու առնչութեամբ:
Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Կարինէ Շատոյեան (69 քկ), իր կարգին պարտուեցաւ:


