
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն ստանձնած պարտականութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Նազեմ Խուրի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան զարգացումները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն` ընկերակցութեամբ մարոնի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին:


