Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Կը Խոստանան Այսօր Եւս Փակել Ճամբաները

April 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarag1Խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին նախօրեակին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ առաւօտեան Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջափակին մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը եւ հրկիզեցին անիւներ` բողոքելով սարակներուն վերաբերող օրինագիծի մը դէմ:

Աւելի ուշ անոնք փակեցին նաեւ Քոռնիշ Նահրի ճամբան` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի ուղղուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւն, ուր յայտնեց, թէ իրենք տեղեակ են հարցէն, եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին սոյն հարցը քննարկելու` նկատի ունենալով անոր ընկերային երեսը եւ այդ իմաստով գոյութիւն ունեցող օրէնքները:

Սարակները պահանջեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի ներկայացուցած օրինագիծը բարեփոխումի ենթարկել:

Նշենք, որ սարակները կոչ ուղղեցին այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն աւելի մեծ թիւերով իջնելու փողոց եւ կատարելու բողոքի ցոյցեր` նկատի ունենալով, որ իրենց մասին խորհրդարանին քննարկելիք օրինագիծը օրակարգի առաջին կէտն է:

Սարակները հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ Նապաթիէի, Սայտայի եւ Սուրի ճամբաները:

Քանաան Կը Պատասխանէ

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք, Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումին նիստին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ սարակներուն հարցը:

Ան նկատել տուաւ, որ կարծէք արշաւը ստացած է այնպիսի բնոյթ, թէ այն օրինագիծը, որուն բարեփոխումը կը պահանջուի, միայն ինք վաւերացուցած է:

«Սակայն իրողութիւնը այդպէս չէ, այո՛, այդ օրինագիծը կը կրէ իմ ստորագրութիւնս եւ ես պատասխանատու եմ անոր: Սակայն իմ ստորագրութեանս կողքին կան նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմարի եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզիի ստորագրութիւնները», ըսաւ Քանաան` զարմանք յայտնելով, որ օրին` 2012-ին այդ օրինագիծը արդիւնք էր քաղաքական  տարբեր ուժերու միջեւ քաղաքական համաձայնութեան:

 

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Թոմ Ֆլեչըրը

Յաջորդը

Ա. Նազարեան Ընդունեց Չինաստանի, Ռուսիոյ Եւ Բրիտանիոյ Դեսպանները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.