Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ճգնաժամային Տեղեկատուութիւն

March 28, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպէն ու Դամասկոսէն մինչեւ  Խրիմ, անցնելով Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն վերադառնալու համար Քեսապ, ապահովական ցնցումներն ու անոնց զուգակցուած քաղաքական իրադարձութիւնները մեկնաբանելը հայկական լրատուական ոսպնեակներուն համար յաւելեալ ճիգ, կեդրոնացում, մաքրազտման մեքենականութիւն եւ արհեստավարժ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ:

Ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ այս թէժ կէտերը առնչուած են նաեւ հայկական գործօնին հետ. կամ ալ այն բնական մղումի բացատրութեամբ, որ այնտեղ կան հայկական համայնքներ:

Քաղաքագիտական  անառարկելի տեսութիւն է, որ պատերազմներուն կ՛ընկերակցի  տեղեկատուականը եւ յատուկ ծառայութիւններ լրատուականներուն ետին կանգնած կը ղեկավարեն այդ ոլորտի պատերազմը:  Այս տեսութիւնը միայն պատերազմներու պարագային չէ, ընդհանուր հասկացողութիւն է. պարզապէս թէժացումը բնականաբար կ՛արձանագրուի լարուած իրավիճակներու կամ ռազմական ընդհարումներու ընթացքին:

Հայկական կողմին համար ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը անպայման նկատի պիտի ունենայ բազմագործօնային հանգամանքներ: Նախ այն անշուշտ, որ պիտի սահմանազատէ քարոզչականը լրատուականէն: Անկախ մամուլ հասկացողութիւնը այսօր հեքիաթային բնութագիր ունի, եւ որեւէ լրատուամիջոց իր առջեւ գերխնդիր չէ դրած միայն ճշմարիտը զուտ առարկայականը ընթերցող լսարանին հասանելի դարձնելու հրամայականը: Ասիկա բացառապէս տեսութիւն է, որ որեւէ առարկայացում չի գտներ որեւէ միջավայրի մէջ: Խնդիրը ուրեմն հնարաւոր առարկայականութիւնը պահելու հմտութեան մէջ կը կայանայ: Քարոզչական հզօր մեքենաներու արտադրանքներուն ուղղուածութիւնը հասկնալու, քարոզչական թիրախը ըմբռնելու եւ ըստ այնմ լուրի վերարտադրման չափը ճշդելու եւ տալու: Յաճախ այնքան համատարած տարողութիւն կը ստանայ այդ արտադրանքի լրագրական շուկայացումը, որ դժուար կը թուի շուկայի ճշդած օրինաչափութենէն հեռու մնալու փորձութիւնը: Այսպէս է, որ Սուրիոյ դէպքերուն լուսաբանման խաղի կանոնները, յաճախ ճշդուած Արեւմուտքէն, երբեմն Ռուսիայէն, կը գրաւեն տեղեկատուական տարածքները:

Կը պատահի այս թոհուբոհին մէջ , որ լրատուական կողմնակի թիրախի կը վերածուի հայութիւնը: Ընդհանրապէս խուճապային իրավիճակներու մատնելու նպատակը հետապնդող ապատեղեկատուութիւնները տարբեր աղբիւրներ ունին: Երբեմն անորոշ կայքեր կը մէջբերուին, այլ պարագաներու յղում կը կատարուի տուեալ լրատուամիջոցի, որուն սկզբնաղբիւրն ու պատկանելիութիւնը անյստակ կ՛ըլլան` ոլորապտոյտի մէջ ձգելով լուրին վաւերականութիւնը ստուգել փորձող մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ: Մինչ այդ, սակայն, լուրը կը կրկնօրինակուի, կը պատճէնահանուի, երբեմն ալ կը համեմուի ցանկալի մեկնաբանութիւններով եւ  շրջանառութիւնը կը բազմապատկուի: Բացառուած չէ այս պարագաներուն, որ շրջանառութեան մէջ դնող ու անմիջապէս անյայտացող լրատուամիջոցը մեր հակառակորդներուն ուղղակի կամ անուղղակի ներշնչումը ունեցած ըլլայ:

Նման օրինակները բազմաթիւ են: Ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը յատկապէս հայկական լրատուամիջոցներուն համար արագ ու զգայացունց ըլլալու մղումներով պէտք չէ յատկանշուի: Այստեղ կայ իրավիճակին տէր կանգնելու, խուճապային տրամադրութիւններու ստեղծման առաջքը առնելու, զուսպ ու հաւասարակշիռ մօտեցումի վարքագիծը որդեգրելու եւ մանաւանդ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը գերադասելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը ինքնակազմակերպուելու, աշխատակարգ ճշդելու անմիջական անհրաժեշտութեան առջեւ է: Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Խրիմէն մինչեւ Քեսապ եւ տակաւին այլ հայաշատ միջավայրեր հայկական գործօնի հետ առնչուած լրատուութիւններ ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու նուրբ խնդիր ունի հայ տեղեկատուադաշտը տակաւին երկար ժամանակ: Մինչ այդ հայութեան կապուած որեւէ լուրի վաւերականութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը ստուգելու համար բացառապէս պէտք է յենիլ տեղւոյն հայկական պաշտօնական լրահոսի փոխանցած տեղեկատուութեան վրայ` այնտեղ նկատելու համար ճշդուած շեշտադրումները, տարողութիւններն ու չափերը: Ամպագոռգոռութենէ, զգացականութենէ եւ մանաւանդ քարոզչական առաւելներ շահելու փորձութիւններէ հեռու մնալը այս պարագային ոչ միայն լրագրական օրինաչափութիւն է, այլ նաեւ անվտանգութեան հետ կապուած լրջագոյն խնդիր:

Նախորդը

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ. Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցին Տեղեկատուութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։