Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբ` Աւստրիոյ Մէջ

March 22, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

HayTad-AustriaԵւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւ Աւստրիոյ նորաստեղծ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդեն, որ Ռումանիայէն ու Լեհաստանէն ետք տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութիւնը  Աւստրիոյ մէջ: Այս առիթով 18 մարտին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին իբրեւ հրաւիրեալներ ներկայ  էին Աւստրիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, Աւստրիոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Իսախանեան եւ Աւստրիոյ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Ելոյթ ունենալով, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի  նախագահ Գասպար Կարապետեան, նախ անդրադարձաւ ներկայիս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած  հիմնախնդիրներուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցին, Թուրքիա – Հայաստան յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի ներկայ- հոլովոյթին եւ մեր ընելիքներուն, ջաւախահայութեան օժանդակելու խնդիրին, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն մերձեցման հոլովոյթի շարունակման` Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան  որոշման լոյսին տակ եւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած  հիմնահարցերուն:

Գասպար Կարապետեան շեշտեց, որ Եւրոպայի տարածքին  Հայ դատի աշխատանքներու ծաւալման առումով իր  կարեւորութիւնը ունի Աւստրիան:  Ան պաշտօնապէս յայտարարեց,  որ կազմուած է եւ պիտի գործէ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայացնելով, որ յանձնախումբը ունի երիտասարդ եւ որոշակի պատրաստուածութիւն ունեցող կազմ, Կարապետեան ներկաներուն կոչ ուղղեց օժանդակելու  Հայ դատի աշխատանքներուն,  քանի որ անոնք ուղղուած են հայութեան ազգային հիմնախնդիրներու հետապնդման:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Կիրակոսեանին` ներկայ գտնուելուն համար եւ շեշտեց, որ հոն, ուր  կը գործեն  Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները,  Հայ դատի գրասենեակները  վերոնշեալ խնդիրներուն հարցով կը համագործակցին անոնց հետ:

Դեսպան Կիրակոսեան խօսք առնելով իր  գոհունակութիւնը յայտնեց  յանձնախումբի ստեղծման առիթով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց  սերտօրէն համագործակցելու յանձնախումբին հետ: Դեսպան Արման Կիրակոսեան առաջարկեց անմիջապէս հանդիպիլ` քննելու համար յառաջիկայ 24 ապրիլի նախաձեռնութիւններուն հետ կապուած միասնական գործունէութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ հետագայ միացեալ աշխատանքները ծրագրելու նպատակով:

Ապա Աւստրիոյ Հայ դատի նորաստեղծ յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Շատոյեան ներկայացուց յանձնախումբի կազմը եւ իր կարգին նշեց, որ առաջին օրէն անհրաժեշտ է համագործակցիլ դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բոլոր հայկական կառոյցներուն հետ` ծրագրելու եւ համատեղելու նպատակով  աշխատանքները, որոնք  ուղղուած պիտի ըլլան հիմնականին մէջ Աւստրիոյ հանրութեան,  ակադեմական շրջանակներուն եւ  քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը գործեն թէ՛ երկրին եւ  թէ՛ միջազգային հաստատութիւններու մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում` գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

«Նախագահական Ընտրութիւնը Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Կատարելը Կը Ծառայէ Լիբանանի Շահերուն» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ուքրանիա Կը Բողոքէ Հայաստանի Կեցուածքին Դէմ Եւ Յետս Կը Կոչէ Իր Դեսպանը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.