
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ բոլոր այն հարցերը, որոնք կան ասպարէզին մէջ, սերտօրէն առնչուած են Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին հետ:
«Իսկ մենք ասպարէզին մէջ ունինք հայ-թրքական արձանագրութիւններ, որոնց վերաբերեալ միայն Հայաստանի մէջ երկու կարծիքներ կան` դրական եւ բացասական: Յատկանշական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախաշէմին այդ չարաբաստիկ արձանագրութիւնները պիտի օգտագործուին Հայաստանի դէմ: Թուրքիա պիտի յայտարարէ, որ Հայաստան ստորագրած է փաստաթուղթ մը, որ կասկածի տակ կը դնէ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը: Այդ է պատճառը, որ պէտք է պահանջենք իշխանութիւններէն` յետս կոչել այդ փաստաթուղթերը, իշխանութիւններէն, որոնք բազմիցս համոզուած ըլլալով, որ այդ արձանագրութիւնները սպառած են իրենք զիրենք, միեւնոյնն է` յետս չեն կոչեր զանոնք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ յառաջիկային կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն` Հայկազուն Ալվրցեան նշեց, որ ցուցակներուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ներառումով այդ երկիրը ցոյց կու տայ աշխարհին, որ հանդուրժողաբար տրամադրուած է անոնց նկատմամբ: «Յատկանշականը այն է, որ առաջադրուած հայ թեկնածուներու շարքին երկուքը նշանաւոր են իրենց թուրք-ազգայնական հայեացքներով», ըսաւ Հայկազուն Ալվրցեան:
Անդրադառնալով Արեւմուտք-Ռուսիա առճակատումին` Ալվրցեան ընդգծեց, որ հակառուսական պայքարին մէջ Թուրքիոյ դերը պիտի բարձրանայ, սակայն ակնյայտ է, որ շրջանին մէջ կը բարձրանայ նաեւ Հայաստանի դերը:


