Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Համոզումի Եւ Շանթաժի Միջեւ

March 20, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրիմի ինքնորոշման հանրաքուէի եւ Մոսկուայի հետ համապատասխան համաձայնագիրի ստորագրութեան առընթեր կը թէժանան Արցախի ուղղութեամբ հայկական քաղաքական եւ լրատուական դաշտերու մէջ արձանագրուող քննարկումները: Եւ ոչ միայն հայկական: Ռուս ազգայնական գործիչ Ժիրինովսքիի նշանաւոր յայտարարութիւնը, թէ տրուած ըլլալով, որ արցախեւազրպէյճանական հակամարտութիւնը չէ յանգած որեւէ համաձայնութեան, կողմերուն համար ընդունելի եւ ընկալելի կ՛ըլլայ Արցախին կցումը Ռուսաստանին, չի վերագրուիր միայն Ժիրինովսքիին: Կան մէկէ շատ աւելի մեկնաբանութիւններ, որոնք Ժիրինովսքին նկատելով պաշտօնական Մոսկուայի խօսափողը, այս հրապարակումը կը նկատեն Ռուսիոյ պետութեան ծրագիրը: Ժիրինովսքին, թէեւ լրացուցիչ յայտարարութիւն կատարած էր չընդունելով ազրպէյճանցի ազգի գոյութիւնը, այսուհանդերձ բացայայտած էր ռուսական քաղաքական շրջանակներու մօտ տիրող որոշ մտայնութիւն մը:

Ժիրինովսքիի այս յայտարարութիւնը հետեւողներուն մօտ շատ արագ մտաբերել տուաւ հասարակական գործիչ Զօրի Բալայեանի Փութինի գրած բաց նամակի բովանդակութեան առանցքային բաժինը, ուր յղում կատարելով Գիւլիստանի դաշնագիրին հայ գործիչը կոչ կ՛ընէր Ռուսիոյ տէր կանգնելու Արցախին:

Բալայեանի նամակին հրապարակման օրերուն տակաւին Մայտանը չէր բռնկած, ոչ ալ Խրիմը ինքնորոշուած էր: Բալայեանի առաջարկը գրեթէ միանշանակ մերժումներով եւ  մեկնաբանութիւններով գերյագեցուցած էր հայկական քննադաշտը: Արցախի հայապատկանութեան վիճարկումը կամ անկախութիւն-միացում յղացքէն դուրս որեւէ պատկերացում բնականաբար կ՛արժանանայ հայկական  ամենամերժողական հակազդեցութեան:

Զօրի Բալայեանի երկարաշունչ նամակին եւ Ժիրինովսքիի դիպուկ ու ամփոփ յայտարարութիւններուն համահունչ մտածումներ կը հրապարակէր նաեւ 1992-1995 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան սպայակոյտի պետ, 1993 թուականին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, Արցախեան պատերազմի հերոս, զօր. Նորատ Տէր Գրիգորեանցը: Տէր Գրիգորեանցը նաեւ վերջին շրջանին աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենար Արեւմտահայոց համագումարի համակարգող խումբի աշխատանքներուն. վերջերս էր միայն, որ հրաժարեցաւ այդ աշխատանքներէն:

Խրիմի  ինքնորոշման փաստին դիմաց նկատելի է եւ հասկնալի անշուշտ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի դիրքորոշումներու տարբերութիւնը: Առաջինին զուսպ եւ ընդհանուր բնոյթը եւ երկրորդին աւելի շեշտակի եւ երեւցող խանդավառութիւնը: Այդպէս ալ պիտի ըլլար:

Խնդիրը այս պարագային այն է, որ նախատեսելի կրնայ թուիլ հայկական դաշտին մէջ Արցախի լուծման ա՛յս տարբերակի մօտեցումներու երեւումը: Զինուորական նախկին պաշտօնատարներ եղած ըլլան անոնք, թէ գործող քաղաքական դէմքեր. կը թուի, թէ Բալայեանն ու Տէր Գրիգորեանցը իրենց հետեւողները պիտի ունենան այս առումով:

Այստեղ պէտք չէ բացարձակացնել ռուսական ծրագիրը: Պայման չէ, որ նման ծրագիր գոյութիւն ունենայ: Բայց որ քաղաքական շանթաժ իբրեւ այս հնարաւորութիւնը պիտի օգտագործուի, այդ մէկը քաղաքականօրէն տրամաբանական կը թուի ըլլալ:

Այս առումով ալ հայկական հասցէներէ հնչող նման կոչեր, պահանջներ կամ մտածումներ կարելի է տարբաղադրել: Անոնցմէ ոմանք ընկալել իբրեւ պատուէր, ուրիշներ իբրեւ համոզում  (դժուար թէ) կամ ինչու չէ իբրեւ քաղաքական մարտավարութիւն: Ի վերջոյ Արեւմուտքը կրնայ քննել ինքնորոշուած Արցախի անկախ կարգավիճակի առաւելութիւնը Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմելէն: Շանթաժային մարտավարութիւնը սակայն պիտի չհատէ կարմիրով գծուած այն սահմանը, որմէ անդին խնդրոյ առարկայ կարելի է դարձնել առաջադրուած կարգավիճակը: Արցախը ինքնորոշուած տարածք է: Իսկ այդ ինքնորոշումը ոչ միայն Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալն է, այլ նաեւ որեւէ այլ տարածքի մէջ չմտնելն է, ինչ որ կը բանաձեւուի «անկախ հանրապետութիւն» կարգավիճակով:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Փութինի Հետ Քննարկեց Խրիմի Հարցը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.