Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Զինեալ Բախումներուն Պատճառած Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ 11-ի

March 17, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tripoli_clashes2Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներուն 20-րդ փուլը շարունակուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին` զոհերուն թիւը հասցնելով 11-ի, իսկ վիրաւորներունը` 60-ի:

Պաքքարի, Ժապալ Մըհսենի, Մաշրուհ Հարիրիի, Պաալ Տարաուիշի եւ Մալլուլէի մէջ եւ անոնց մօտակայքը արձանագրուող բախումները սաստիկ թափով շարունակուեցան:

Լիբանանեան բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ հետապնդեց զինեալները:

Բանակին շարքերէն ենթասպայ Ֆատի Սըքաան նահատակուեցաւ, երբ նռնականետ մը թիրախ դարձուց այն զրահապատը, որուն մէջ կը գտնուէր ան:

Ենթասպային յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ լիբանանեան հողին հետ բանակի նահատակներուն շաղախուած արիւնը զիրենք աւելի հզօր եւ պատրաստակամ պիտի դարձնէ` երկրին մէջ տիրող սադրանքներուն փուշերը  մաքրելու իմաստով:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող ցաւալի իրադարձութիւններուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն սպանութեան համար:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` Թրիփոլիի բախումները կասեցնելու իր նախաձեռնութիւնը գործադրելու իմաստով:

Մինչ երեկոյեան ժամը 9:30-էն ետք Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինեալ բախումները սաստկացան, անծանօթներ ձեռնառումբեր նետեցին Տըննիէի Պեքաա Սըֆրին շրջանի բանակի անցարգելին եւ Մալլուլէի մէջ դիրքաւորուած բանակի զրահապատի մը վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը` ներկայութեամբ համախմբումի անդամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյիի:

Հանդիպումէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է աստիճանաբար կասեցնել զինեալ բախումները եւ ապահովել Թրիփոլիի կայունութիւնն ու անոր բնակիչներուն անվտանգութիւնը:

Քապպարա մերժեց, որ բանակն ու Թրիփոլիի բնակիչները իրարու դէմ լարուին: «Մենք բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ վստահութիւն ունինք եւ կը մերժենք զանոնք յարձակումներու թիրախ դարձնել, այլ` կոչ կ՛ուղղենք բոլորին վստահելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն», ըսաւ Քապպարա` պահանջելով Թրիփոլիի մէջ արդարութեան հաստատումը:

Միւս կողմէ, լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց ձայնագրութիւն մը, որ վերագրուած էր Թըպպանէի զինուորական պատասխանատուներէն մէկուն: Ձայնագրութեան մէջ յստակ կերպով կը հաստատուէր լիբանանեան բանակի զինուորներուն եւ «խաչակիր»-ներուն դէմ մղուելիք պայքարը:

 

Նախորդը

Ապատի Կ՛այցելէ Ուալիտ Մոալլեմի

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Կը Սպառնան Հրաժարիլ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.