
Թուրքիա սպառնաց հակադարձել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրի մեծ հօր` Սիւլէյման Շահի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող դամբարանին դէմ կատարուելիք որեւէ յարձակումի:
«Փրես Թի.Վի.» հաղորդեց, որ Տաւութօղլու Վանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Թուրքիա այդ դամբարանին ապահովութիւնը պահպանելու իրաւունքը ունի: Որեւէ տեսակի յարձակում… հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ մրցակից զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ նշեալ դամբարանին մօտ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Անգարա 1921-ին Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնութեան մը հիմամբ Սիւլէյման Շահի դամբարանը իբրեւ թրքական գերիշխան հողատարածք կը նկատէ:
Թրքական մասնայատուկ ուժերու տասնեակ մը անդամներ մնայուն կերպով կը պահպանեն Հալէպի հիւսիսը եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող վայրը:
«Այդտեղ գտնուող իր գերիշխան հողատարածքը պաշտպանելու համար Թուրքիա առանց տատամսումի անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ», ըսաւ Տաւութօղլու:


