Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

March 15, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուխտի Օրը
Անթիլիասի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 15 մարտ 1964, Անթիլիասի Ուխտի օրը տօնակատարուեցաւ աւանդական հանդիսութիւններով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին անգամ մը եւս փառաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրամուտի տօնին առթիւ:

Հակառակ աննպաստ օդին` հաւատացեալ հայ ժողովուրդը դարձեալ լեցուցած էր Մայր տաճարն ու բակը:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ կը հսկէին անթերի կարգապահութեան:

Եկեղեցական արարողութեանց նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին  եպիսկոպոս:

Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի:

Պատարագիչ սրբազանը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ, բնաբան ունենալով` «Քնար քաղցրախօս աստուածային հոգւոյն, յօրինեալ մարմնով եւ մասամբք հոգւոյդ» Յովհաննէս Երզնկացիէն:

Յաւարտ Ս. պատարագի, կազմուեցաւ աւանդական թափօր, մասնակցութեամբ վեհափառ հօր, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, պատարագիչ սրբազան հօր, վարդապետներու, աբեղաներու եւ դպրեվանքի սաներու:

Բազմահազար ուխտաւորներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Նիկողայոսի, Սեղբեստրոսի Ս. Աջերով օրհնուեցան:

Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սրբազան մասունքներու աջահամբոյրը:

Այնուհետեւ, հաւատացեալներ կարգապահութեամբ վեհարան բարձրացան եւ աջն ու օրհնութիւնը առին վեհափառ հօր:

 

Տոմսեր

Թագաւորը Մեռաւ,
Կեցցէ Թագաւորը

Յունաստան կորսնցուց իր վեհապետ Փաւլոս Ա. թագաւորը, որուն անունը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ բացառիկ այն պատիւը, զոր վեհապետը ընծայած էր Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, արքայական առաջին կարգի պատուանշանով:

Սահմանադրական միապետութիւնը կը շարունակուի Յունաստանի մէջ. գահ բարձրացած է արդէն Փաւլոս Ա.ի զաւակը` գահաժառանգ իշխան Կոստանդին Բ.:

Արքայական վարչաձեւը յաճախ չէ պատշաճած յոյներու անհատապաշտ, ըմբոստ եւ ազատական նկարագրին, որուն պատճառով, անոնք, դարեր առաջ տակաւին հին Ելլադայի մէջ ստեղծած են ժողովրդավար առաջին կարգերը, որոնք 2500 տարի յետոյ միայն պիտի ընդօրինակուէին Արեւմուտքի կողմէ:

«Երկու ծայրայեղութիւններ իրարու կը միանան» բացատրութիւնը փաստուած է Յունաստանի մէջ, ուր անկարգութեան մօտեցող ծայրայեղ ազատականութիւնը անկարելի դարձուց ժողովրդավար կարգերու արդիւնաւոր գործունէութիւնը, ինչ որ, մէկէ աւելի առիթներով, արքայական վարչաձեւը պարտադրանք դարձուց երկրին համար: Ուրիշ միջոց չէր մնացած «խօսք հասկցնելու» անկարգ կուսակցամոլութեան:

Կոստանդին Բ. հազիւ 23 տարեկան` գահ կը բարձրանայ տագնապի օրերու մէջ, որ մասամբ կը նմանի իր մեծ հօր` Կոստանդին Ա.ի գահակալութեան փոթորկոտ շրջանին:

Կոստանդին Ա.ի անունը եղերականօրէն կապուած է Փոքր Ասիոյ հելլենական արշաւանքին (1922):

Կոստանդին Բ.ի սեղանին վրայ առաջին հարցն է Կիպրոսի կնճիռը, որ հետզհետէ կը բարդանայ, լաբիւրինթոսային հեռանկարներով…

Երանի՛ երիտասարդ վեհապետը եւ մեր յոյն բարեկամները յաջողէին բաղձալի լուծում մը գտնել` առանց… առիթ ընծայելու Մոսկուայի «բարեկամակա՜ն» միջամտութեան:

Հայ ժողովուրդի 1920-ի փորձառութիւնը բաւական պերճախօս չէ՞…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 Հայ Աւետ. Ու­սուցչկն. Միու­թիւն

Ու­սու­ցիչ­նե­րու Օր

Հայ աւետ. ու­սուց­չա­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ու­սու­ցիչ­նե­րու օր­ուան հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու­շաբ­թի, 9 մարտ 1964, երե­կոյ­եան ժամ 8:30-ին, հայ աւե­տա­րա­նա­կան քո­լե­ճի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ստուար թիւով հան­դի­սա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:

Յոտն­կայս Լի­բա­նա­նի ազգ. քայ­լեր­գի ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, Էշ­րեֆի­էի աւե­տա­րա­նա­կան քո­լե­ճի երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ս. Համ­պոյ­եա­նի, խմբերգ­ուե­ցան Ք. Գո­զալ­եա­նի «Ծի­ծեռ­նարկ»-ը եւ Կա­րօ Զա­քար­եա­նի «Երե­ւան»-ը:

Ա. Բրուտ­եան ար­տա­սա­նեց Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նի «Դաստ­ի­ա­րակ»-ը, իսկ Յ. Մըսրլ­եան ար­տա­սա­նեց Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի «Ազ­գը յո­բել­եան պի­տի կա­տա­րէ»-ն:

Գ. Րուպ­եան  նուա­գեց Սպենդ­ի­ար­եա­նի «Թոգ­գա­թա»-ն:

Օր­ուան առա­ջին բա­նա­խօս էր Բիւ­զանդ Եղ­իայ­եան:

Վաս­տա­կա­ւոր դաստ­ի­արկ-ու­սու­ցի­չը սքան­չելի­օ­րէն ներ­կա­յա­ցուց հայ ու­սու­ցի­չին դե­րը հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ: Ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ըն­թաց­քով թուեց անուն­նե­րը եկե­ղե­ցա­կան եւ աշ­խար­հա­կան մե­ծա­նուն ու­սու­ցիչ­նե­րու` պան­ծաց­նե­լով անոնց կա­տա­րած մեծ դե­րը:

Զ. Ալտրմշ­եան մե­ներ­գեց Շա­հան Պէր­պէր­եա­նի «Լու­սա­ւոր­չի կան­թե­ղը»` դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ա. Թոփճ­եա­նի:

Երկ­րորդ բա­նա­խօսն էր վեր. Յ. Ահա­րոն­եան:

Յար­գե­լի վե­րա­պատ­ուե­լին խօ­սե­ցաւ «Ո՞վ է ու­սու­ցի­չը» նիւ­թին շուրջ եւ ի մի­ջի այ­լոց ըսաւ. «Ու­սու­ցիչ մը կո­չում ու­նե­նա­լու է բնա­կան հա­կում­նե­րու վրայ հիմն­ուե­լով»:

Փակ­ման խօս­քը ըրաւ Ա. Ճիզ­մեճ­եան եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բա­նա­խօս­նե­րուն, յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցող­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն:

Վե­րա­պատ­ուե­լի Նի­յու­ճիկ­եա­նի օրհ­նու­թեան աղօթ­քով վերջ գտաւ հան­դի­սու­թիւնը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խխունջը, Տարօրինակ, Փոքրիկ Կենդանի Մը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.