Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ուքրանիոյ Տագնապը Ներքին Բնոյթի Է Եւ Ռուսիա Ատոր Հետ Որեւէ Կապ Չունի»

March 14, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին համար այպանելի չէ: Ան յայտարարեց. «Ուքրանիոյ տագնապը ներքին բնոյթի է եւ Ռուսիա ատոր հետ որեւէ կապ չունի»:

«Ռուսիա (Ուքրանիոյ մէջ. «Ա.») ձեւաւորուած պայմաններուն ստեղծման նախաձեռնողը չէր»:

Սակայն Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գերմանական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ պնդեց, որ Ռուսիա դրացի Ուքրանիոյ տկարութիւնը կը շահագործէ, փոխանակ իբրեւ կայունութեան գործընկեր մը վարուելու: Ան սպառնաց, որ Եւրոպական Միութիւնը մագլցողական քայլերու շարք մը կրնայ որդեգրել, եթէ Ռուսիա Ուքրանիոյ մէջ լարուածութիւնը չմեղմացնէ:

«Եթէ Ռուսիա անցնող շաբաթներու ընթացքը շարունակէ, ատիկա Ուքրանիոյ համար միայն աղէտ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը` աւելցնելով. «Մենք` իբրեւ Ռուսիոյ եւս դրացիներ, զայն միայն սպառնալիք պիտի չտեսնենք, եւ ատիկա ոչ միայն Եւրոպական Միութեան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնը պիտի փոխէ: Ո՛չ, ատիկա նաեւ Ռուսիոյ պիտի հասցնէ մեծ վնաս` տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս»:

«Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարցականի տակ չի կրնար առնուիլ», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Ալեքսէյ Լիխաչիով յայտնեց, որ Ռուսիա չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուելիք պատժամիջոցներուն պատասխան պատժամիջոցներու որդեգրումը: «Մենք պատրաստ ենք իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման, կ՛աշխատինք բոլոր տարբերակներուն ուղղութեամբ: Սակայն յոյս ունինք, որ անոնք ըլլան քաղաքական պատժամիջոցներ եւ ոչ թէ որոշ առեւտրատնտեսական որոշումներու լայն շարք: Մենք պիտի գործենք հայելային եղանակով», յայտարարած է ան:

Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ ռուսական օդուժը Պիելոռուսիոյ «Պոպռույսք» զինուորական օդանաւակայան ուղարկած է 6 «Սուխոյ-27» տիպի կործանիչ եւ 3 պատերազմական օդանաւեր:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ մէկ օր առաջ իր երկրին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած էր. «Պիելոռուսիան պատշաճ պատասխան պիտի տայ ՕԹԱՆ-ի ուժերու` երկրի սահմաններուն մօտ ամրապնդման»` աւելցնելով. «Պիելոռուսիան Ռուսիոյ պիտի առաջարկէ լրացուցիչ 15 օդանաւ տեղակայել երկրին մէջ»:

Խրիմի Իշխանութիւնները Ճիշդ Չեն Նկատեր
Ռուսիոյ Որեւէ Մարզի Կազմին Մէջ Ընդգրկուիլը

Խրիմի ինքնավար մարզի խորհրդարանի բանբեր Վլատիմիր Քոնսթանթինով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց, որ Խրիմի իշխանութիւնները ճիշդ չեն նկատեր ինքնավար հանրապետութեան ներառումը Ռուսիոյ դաշնութեան մարզերէն որեւէ մէկուն կազմին մէջ` Ռուսիոյ միանալու պարագային:

«Կը կարծեմ, որ Խրիմի մէջ պիտի պահպանուի նախագահի ներկայացուցիչի հաստատութիւնը: Եթէ մենք չմտնենք դաշնակցային որեւէ շրջանի մէջ, իսկ ատիկա, իմ կարծիքովս, սխալ պիտի ըլլայ, մեզմէ պիտի պահանջուի նախագահի ներկայացուցչութիւն: Հաշուի առնելով, որ մենք զինուորական կայան ունինք` Սեւասթոփոլը, նախագահի ներկայացուցչութիւնը օգտակար պիտի ըլլար համակարգելու դաշնակցային ենթակառոյցներու ուժային, վարչական կառոյցները, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքը», ըսած է Քոնսթանթինով:

Մինչ այդ, Խրիմի իշխանութիւնները 16 մարտի հանրաքուէի ընթացքին հետեւելու համար ստացած են 21 երկիրներէ 50 դէտերու համաձայնութիւնը: Խրիմի Գերագոյն խորհուրդի` հանրաքուէի նախապատրաստութեան յանձնախումբի ղեկավար Միխայիլ Մալիշեւ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ այդ դէտերը Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իտալիոյ ներկայացուցիչներն են, ներառեալ` Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը երեսփոխաններ:

Մալիշեւ նշած է, որ հանրաքուէի վերջնական արդիւնքները յայտնի պիտի դառնան 17 մարտին:

Հանրաքուէն լուսաբանելու համար Խրիմ հասած են 400 լրագրողներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի հարիւրէն աւելի լրատուամիջոցները: Լրագրողներուն մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը արտասահմանեան լրատուամիջոցներ կը ներկայացնեն` հիմնականին մէջ Ճափոնէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Բրիտանիայէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն: Ընդամէնը` 105 լրատուամիջոցներ:

 

Նախորդը

Էրտողան Ընդդիմութիւնն Ու Լրատուամիջոցները Կ՛ամբաստանէ Քաղաքապետական Ընտրութիւններէն Առաջ Փողոցը Ահաբեկելու Յանցանքով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.