Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եօթներու Խմբակը Ռուսիան Կը Զգուշացնէ Խրիմը Իրեն Կցելէն

March 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եօթներու խմբակի երկիրներուն ղեկավարները
Եօթներու խմբակի երկիրներուն ղեկավարները

Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին Խրիմը իրեն կցելու բոլոր ջանքերը դադրեցնելու` յայտնելով, որ եթէ Ռուսիա այդպիսի քայլ մը առնէ, «իրենք առանձնաբար եւ հաւաքաբար յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրեն»:

Եօթներու խմբակի ղեկավարները նաեւ ընդգծեցին, որ իրենք 16 մարտին Խրիմի մէջ նախատեսուած հանրաքուէի արդիւնքները պիտի չճանչնան: Նշենք, որ եօթներու խմբակի անդամներն են Բրիտանիան, Քանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը եւ Միացեալ Նահանգները:

Մինչ այդ, Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան ղեկավար Անտրէյի Փարուպիյի զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ մեծաթիւ ռուսական զօրքեր հաւաքուած են: «Ռուսական բանակը Քիեւէն միայն 2¬3 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը դիրքաւորուած են որեւէ ուղղութենէ եկող յարձակում մը ետ մղելու համար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժերը Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածին մէջ կը կատարեն միացեալ ռազմափորձեր, որոնք նախապէս յետաձգուած էին եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով: Ամերիկեան կողմը ընդգծած է, որ ամերիկեան «Թրաքսթըն» մարտանաւի Սեւ ծովուն մէջ ներկայութիւնը որեւէ կապ չունի Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամի հետ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ իր երկրին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է. «Պիելոռուսիան պատշաճ պատասխան պիտի տայ ՕԹԱՆ¬ի ուժերու երկրի սահմաններուն մօտ ամրապնդման»` աւելցնելով, որ «Պիելոռուսիան Ռուսիոյ պիտի առաջարկէ լրացուցիչ 15 օդանաւ տեղակայել երկրին մէջ»: Ըստ անոր, իրենք պարտաւոր են արձագանգել եւ պաշտպանել իրենց շահերը:

Ազրպէյճանցիները Զանգուածաբար Կը Լքեն Խրիմը

Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Խրիմի մէջ բնակող ազրպէյճանցիները զանգուածաբար կը լքեն ինքնավար հանրապետութեան տարածքը: Խրիմի ազրպէյճանցիներու միութեան նախագահ Ռահիմ Կումպաթով յայտարարած է, որ ներկայիս Խրիմի մէջ լարուածութիւնը բաւական բարձր է, եւ որեւէ պահու զինեալ տագնապ կրնայ սկսիլ:

Ան նշած է, որ ազրպէյճանցիներուն խորհուրդ կը տրուի հեռանալ Խրիմէն, եւ ատոր համար համապատասխան պայմաններ կը ստեղծուին:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Բախումներ. Պոլսահայ Երիտասարդները Միացած Են Թուրք Դեռահասի Մը Մահէն Ետք Կազմակերպուած Բողոքի Ցոյցերուն

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Պայթում Մը Երկու Շէնք Քանդեց

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.