Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Իրլանտա` մասնակցելու Տապլինի մէջ կայանալիք Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան լիագումար նստաշրջանին, ուր ելոյթ պիտի ունենայ:


