
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը, որ իր պահանջները ներկայացուց ներքին գործոց նախարարին:
Հանդիպումէն ետք խորհուրդի անդամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը որոշած է ինքզինք Սուրիոյ պատերազմէն զերծ կացուցել, սակայն Հըզպալլա, որ մաս կը կազմէ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան, խզած է այս որոշումը եւ կը մեղսակցի սուրիացի քաղաքացիներու սպանութեան:
«Միւս կողմէ, սակայն, մենք սկսած ենք մտածել, թէ լիբանանեան պետութիւնը կը մեղսակցի այս ոճիրներուն, որովհետեւ ան ճնշում կը բանեցնէ սիւննի այն անհատներուն վրայ, որոնք կ՛ուղղուին Սուրիա` պաշտպանելու համար անիրաւուածները: Անոնք կը բանտարկուին պարզապէս անոր համար, որ անոնք Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ժիհատի կը մասնակցին», ըսաւ ան:
Շէյխ Ռաֆիյի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան արգիլելու Լիբանանը դէպի սադրանքները առաջնորդելու Հըզպալլայի քայլերը եւ պահանջեց ձերբակալել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտը, որ ամբաստանուած է Թրիփոլիի պայթումներուն մեղսակցելու յանցանքով:
Այս առումով ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը խոստացած է Իտի դէմ բերման գիրի հրապարակման պարագային ձերբակալել զայն: «Մենք բանակի հրամանատարէն կը պահանջենք գործադրել իր խոստումը, այլապէս` լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ներում հայցէ սիւննի համայնքէն», ըսաւ ան:
Մաշնուքի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնը եւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանը:


