Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջիկայ Տասնամեակին 3.5 Միլիոն Հրեաներ Իսրայէլ Պիտի Բերենք» Ըսաւ Լիպըրման

February 25, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

AvigdorԻսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Միացեալ Նահանգներու հրէական մեծագոյն կազմակերպութեանց նախագահներու խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ամերիկացի հրեաները ժողովրդագրական աղէտ մը կը դիմագրաւեն:

Ան մէջբերեց վերջերս կատարուած հարցախոյզներ, ըստ որոնց, Իսրայէլի մէջ 6.1 միլիոն հրեայ կը բնակի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ` շուրջ 5.5 միլիոն հրեայ:

Լիպըրման շեշտեց, որ ոեւէ հրեայ, ըլլայ ան սփիւռքի կամ Իսրայէլի մէջ, ըլլայ ան բարեկարգչական, պահպանողական կամ ուղղափառ, «ապօրինի չէ եւ պէտք չէ վրանէն դուրս դրուի»:

Ան ըսաւ, որ նկատառելի թիւի աճ կայ այն մարդոց, որոնց կեանքը հրէականութենէն պարպուած է, խառն ամուսնութիւններ կը կատարեն եւ իրենց զաւակները իբրեւ հրեայ չեն մեծցներ: Ան նշեց, որ «խառն ամուսնութիւնները բոլոր հրեաներուն համար 58 առ հարիւրի հասած է, իսկ ոչ ուղղափառ հրեաներուն համար` 71 առ հարիւրի, ինչ որ մեծ փոփոխութիւն է բաղդատմամբ նախքան 1970-ը, երբ հրեաներուն միայն 17 առ հարիւրը խառն ամուսնութիւններ կը կատարէր»:

Իսրայէլի կապուածութիւնը աւելի բարձր է տարեց հրեաներուն մօտ, իսկ 30 տարեկանէն վար եղողներուն միայն 32 առ հարիւրը Իսրայէլի մասին հոգ ընելը հրեայ ըլլալու կենսական մէկ մասը կը նկատէ:

«Տարիներով, իսրայէլացի պաշտօնատարները սփիւռքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կոչ ուղղած են, այս գիշեր այստեղ հաւաքուածներուդ նման, ձեր ժամանակը, ներուժը եւ նիւթական կարելիութիւնը Իսրայէլի նուիրելու: Սակայն, ես այսօր ձեզի կը դիմեմ եւ կ՛ըսեմ, որ մինչ անսահման կերպով եւ յաւիտեանս երախտապարտ ենք ձեր օժանդակութեան համար, կը հաւատանք, որ այժմ ժամանակն է, որ կեդրոնանաք ձեր համայնքներուն դիմակայած մարտահրաւէրներուն վրայ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ծնունդ կ՛առնեն վերջերս կատարուած հարցախոյզին մէջ ի յայտ եկած` հրէական համայնքին մէջ բացայայտուած վտանգաւոր ընթացքներէն»:

Լիպըրման ըսաւ, որ կրթութիւնը «լուծումի, խառն ամուսնութեան եւ անտարբերութեան» դէմ պայքարելու կարեւոր միջոց մըն է, «սակայն հրեայ մանուկները հրէական դասարաններէն հեռու կը պահուին` Միացեալ Նահանգներու մէջ հրէական կրթութեան արտառոց եւ արգելակող ծախսերուն պատճառով»` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը նոյնն է Ռուսիոյ, Արժանթինի մէջ եւ այլուր: «Եթէ այս կացութիւնը շարունակուի, մէկ-երկու սերունդէն յաւելեալ վեց միլիոն հրեայ պիտի կորսնցնենք», ըսաւ ան:

Լիպըրման ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրեայ մանուկներու միայն 12 առ հարիւրը հրէական դպրոց կը յաճախէ:

Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը առաջարկեց ուսման բարձր մակարդակով օժտուած հրէական դպրոցներու միջազգային ցանց մը ստեղծել` աւելցնելով, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը յանձնառու է տարեկան 365 միլիոն տոլար յատկացնելու այդ ծրագիրին համար:

Լիպըրման յայտարարեց, որ իր նպատակը սփիւռքէն յաւելեալ 3.5 միլիոն հրեայ յառաջիկայ տասնամեակին Իսրայէլ բերելն է, որպէսզի Իսրայէլի հրեայ բնակչութեան թիւը աւելի քան 10 միլիոն ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Այցելութիւն` Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

Յաջորդը

Էշթըն Պիտի Այցելէ Իրան

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.