Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1964)

February 25, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուար 18-ի Տօնակատարութիւնը
Ժողովրդային Տան Մէջ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան Ժողովրդային տան յանձնախումբին կազմակերպած տօնակատարութիւնը, փետրուար 18-ի ժողովրդային ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ:

Սրահը լեցուն էր ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեամբ:

Յանձնախումբի ատենապետ Յարութիւն Մարգարեան բացումը կատարելով տօնակատարութեան` յայտնեց նաեւ, թէ յանձնախումբը որոշած է ընկերական եւ ընտանեկան հաւաքոյթները յաճախակի դարձնել ակումբին մէջ:

Ապա հրաւիրեց տոքթ. Ե. Խաթանասեանը` նախագահելու օրուան տօնակատարութեան:

Ե. Խաթանասեան, ներկաներու ծափերուն մէջ խօսք առնելով, բացատրեց իմաստը փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան, որ պոռթկումն էր հայ ժողովուրդի` ընդդէմ բռնատիրութեան: Հրաւիրեց օրուան բանախօս տոքթ. Ե. Գոնեալեանը` ըսելու իր խօսքը:

Մօտ երեք քառորդ ժամ տեւած բանախօսութեամբ, Ե. Գոնեալեան մանրամասն վերլուծեց փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան ոգին իր ամբողջական իմաստին մէջ` արժանանալով ծափերու:

Սօսի Մինասեանի մեներգն ու Բիւզանդ Արզումանեանի յստակ առոգանութեամբ համարձակ արտասանութիւնը արժանացան բուռն ծափերու:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խրախճանքի բաժինը, որ մէջ ընդ մէջ պարանցիկ ըլլալով հանդերձ, ղեկավար ընկերներով շրջապատուած պատանիներու եւ երիտասարդ շարքայիններու յեղափոխաշունչ խմբերգները, տօնակատարութիւնը վերածեցին խանդավառ մթնոլորտի:

Ուշ գիշերին վերջ գտաւ խրախճանքը եւ ներկաները մեկնեցան սրահէն լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց Միութեան
Խրախճանքը

Տասնամեակ մը առաջ Պէյրութի մէջ բնակող խումբ մը սուէտիացիներ հիմը դրին Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութեան` նպատակ ունենալով ուսումնատենչ ու կարօտ հայրենակից ուսանողներու եւ աշակերտներու համար նիւթական հնարաւորութիւն ստեղծել զարգանալու:

Իր հիմնադրութեան օրէն այս միութիւնը տարին շուրջ 15 սան-սանուհիներ կը պահէ Պէյրութի եւ Այնճարի զանազան վարժարաններուն մէջ: Ձեռնարկուած է նաեւ Մուսա Լերան յուշամատեանը հրատարակելու գործին, որ մեծ թափով յառաջ կը տարուի, եւ յոյս կայ, որ յառաջիկայ տարի լոյս տեսնէ Սուէտիոյ փառաւոր անցեալը լուսաւորող այս օգտաշատ երկը:

Տարին շուրջ 2500-3000 ելեւմուտք ունեցող Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութիւնը իր պիւտճէն կը գոյացնէ զանազան ձեռնարկներով եւ ի մասնաւորի` նուիրատուութիւններով:

Աւանդութիւն դարձած է, որ տարին անգամ մը միութեան վարչութիւնը խրախճանքի ձեռնարկի մը շուրջ հաւաքէ իր անդամ-անդամուհիներն ու համակիրները:

Այս տարի, 15 փետրուար 1964-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ, ի ներկայութեան պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ մեթր Վարդգէս Շամլեանի, որ սիրայօժար ստանձնած էր ձեռնարկին հովանաւորութիւնը, տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեանի, Այնճարի քաղաքապետ Յարութիւն Շէրպէթճեանի, եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու, տեղի ունեցաւ միութեան տարեկան ընտանեկան խրախճանքը:

Հայկական նուագախումբի մը ստեղծած տոհմիկ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ խօսք առին` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Վարդգէս Շամլեան, տոքթ. Ա. Ինճէճիկեան, Եդ. Պոյաճեան, Ա. Ուրֆալեան, Թ. Հապէշեան եւ Գ. Նգրուրեան, որ կը վարէր նաեւ թամատայութիւնը: Արտասանեցին` Երանուհի Վրթանէսեան, Մուշեղ Գարագաշեան եւ Ժան Թասլագեան: Մեներգեցին` Հերմինէ Պոյաճեան եւ Պետրոս Միրզայեան:

Բոլոր խօսողներն ալ շեշտը դրին Սուէտիոյ ժողովուրդին հայրենասէր եւ զոհաբերող ոգիին վրայ: Դրուատեցին ճէպէլմուսացիներու մարտունակութիւնը, ըմբոստ ոգին, ստեղծագործ խանդավառութիւնն ու աշխատունակութիւնը, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն մաղթեցին Ուսումնասիրաց միութեան:

Առ ի քաջալերութիւն` հետեւեալ նուիրատուութիւնները եղան միութեան.

Օրուան նախագահ մեթր Վարդգէս Շամլեան 300 լ.ո., Մովսէս Մախուլեան 100 լ.ո., Սեդրակ Գալուստեան 100 լ.ո., Գաբրիէլ Թասլագեան 100 լ.ո., Փանոս Թոսունեան 100 լ.ո., Սեդրակ Լիպարիտեան 100 լ.ո., Ճապրա Թասլագեան 100 լ.ո., Իսկեճեան եղբարք (Լա Պրոշ) 100 լ.ո., Զարեհ Չէմէնեան 50 լ.ո., Յարութիւն Շէրպէթճեան 50 լ.ո., Յակոբ Աշգարեան 20 լ.ո.:

Պետական երեսփոխան մեթր Սուրէն Խանամիրեան 100 տուփ ամերիկեան «Վայսըրոյ» վաճառանիշով սիկարէթ նուիրած էր ձեռնարկին յաջողութեան համար:

Փանոս Զէյթլեան գեղեցիկ կարկանդակ մը նուիրած էր յարգելի նախագահին, որ իր կարգին զայն նուիրեց վարչութեան` ամերիկեան աճուրդով վաճառելու համար:

500 լ. ոսկի գոյացաւ կարկանդակի աճուրդէն: Մեթր Վարդգէս Շամլեան, որ շահած էր կարկանդակը, զայն նուիրեց ներկաներուն:

Մինչեւ առաւօտ երգն ու պարը շարունակուեցան: Ներկաները մեկնեցան յաջորդ տարուան խրախճանքի ձեռնարկին սպասումով:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խոսրով Հայոց Թագաւոր Եւ Սահակ Կաթողիկոս` Գահընկէց

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։