Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆՀՈՒՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ1560-ԱՄԵԱԿԸ

March 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել. ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած: … Մենք ոչինչով աւելի լաւ չենք մեր նախնիներէն, որոնք այս հաւատքին համար իրենց գոյքը, ստացուածքը եւ մարմինները դրին…»: Վարդանանց մարտիկներուն այս համոզումներով ներշնչուած, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, երեքշաբթի, 1 մարտ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տօնակատարեց Սրբոց Վարդանանց նուիրուած հանդէսը, որուն ներկայ էին Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աշակերտները, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու ներկայացուցիչներ, Ծնողական օժանդակ մարմինի անդամներ, հիւրեր:

Հայաստանի, Լիբանանի պետական քայլերգներու եւ վարժարանի քայլերգի կատարումով սկիզբ առած տօնահանդէսին բացման խօսքին մէջ աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ցոլին Շահինեան ըսաւ. «Վարդանանք այն 1036 սուրբ նահատակներն էին, որոնք հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանին գլխաւորութեամբ 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերին «վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտի ընթացքին: Աւարայրի ճակատամարտը խիղճի, հաւատքի եւ ժողովուրդի ինքնուրոյնութեան ու ազատութեան վրայ ի գործ դրուած բռնութեանց դէմ, հայութեան համընդհանուր ընդվզումի, անհուն զոհողութիւններու եւ գիտակցուած նահատակութիւններու խորհրդանիշն է: Անիկա թէ՛ անցեալի սերունդներու եւ թէ՛ ներկայ սերունդին համար հերոսութեան եւ անձնազոհութեան ուսանելի էջ մըն է»:

Բացման խօսքին յաջորդեց գեղեցիկ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր վարժարանի երգչախումբի ելոյթ, մենապար, ասմունք, քոնկ ֆուի ցուցադրութիւն, նուագ` սրինգի, դաշնամուրի եւ քլարինեթի վրայ, ինչպէս նաեւ տեսահոլովակի ցուցադրութիւն` պատրաստուած Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանատօն» ստեղծագործութեան հիման վրայ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վարժարանի կիթառահարներու խումբը:

Յակոբ Հաւաթեան

Օրուան հիւր-բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ խօսք առնելով` ըսաւ.«Թերեւս մենք ալ, երբ ձեր տարիքին էիք,  կը մտածէինք, թէ ինչո՞ւ ամէն տարի այս խանդավառութեամբ կը տօնենք այս թուականը: Սիրելի աշակերտներ, Վարդանանց տօնը մեր գերագոյն, սրբազնագոյն տօներէն մէկն է, որովհետեւ եթէ չըլլար Վարդանանց պատերազմը, եթէ չըլլային Վարդանանց հերոսները, հաւատացէք, մենք չէինք ըլլար հոս, հայ չէինք ըլլար: Վարդանանքը մենք իւրաքանչիւր վայրկեան պէտք է ապրեցնենք մեր սրտերուն, մեր հոգիներուն մէջ»: Այնուհետեւ, շարունակելով, Յ. Հաւաթեան ըսաւ. «Դուք մեր վաղուան Վարդանանց կերտողներն էք Վարդանանց ապրեցնող բանակն էք հոս` հայ դպրոցին մէջ:Այն հայ աշակերտը, որ օտար վարժարան կը յաճախէ, զրկուած է այսօրուան առիթէն: Մինչեւ եկող Վարդանանց, աշխատինք մեր դրացիին, մեր մօտ ազգականին հայ դպրոց յաճախելու կարեւորութիւնը շեփորել»:

Տօնահանդէսի փակման խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց Վարդան, Վահան, Գարեգին, Խորէն, Արտակ, Արսէն, եւ Վարդանանց հերոսամարտի մասնակից այլ արական անուններ կրող աշակերտները` իրենց անուանակոչութեան առիթով, ապա յատուկ կերպով շնորհաւորեց Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանը` իր անուանակոչութեան առիթով: Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին` շինիչ պատգամի համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան յայտագիրին վրայ աշխատած եւ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր աշակերտներուն եւ պաշտօնեաներուն: Կ. Գալուստ իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այսօրուան տօնահանդէսը սովորական հանդէս մը չէ: Ես ձեզմէ պահանջելու պէս կը խնդրեմ, որ չմոռնաք Վարդանանց պատգամը, այլ զայն վերածէք առօրեայ ապրումի: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է դառնալու մէկական պատգամաբեր մեր սիրելի Լիբանանի մէջ, սիրելի Պուրճ Համուտի մէջ, հայկականութեան վնասող բոլոր տեսակի վտանգներուն, ոսոխներուն ըսելու համար «ոչ»: Կոչ կ՛ուղղեմ, ո՛ւր որ ապրիք, ապրեցէք հայօրէն, տարածելով Վարդանի շունչը»: Այնուհետեւ բոլոր ներկաները յոտնկայս կատարեցին Արեգ Լուսինեանի (երաժշտութիւն) եւ քոյր Արշակուհի Մալճեանի (խօսք) «Ուխտ Վարդանանց» երգը` որպէս հանդիսաւոր աւարտ Սրբոց Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութեան:

Օրուան հանդիսավարներն էին աւարտական դասարանի աշակերտներ` Սարգիս Կիւճելեան եւ Ալին Սապունճեան:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆի

 

Նախորդը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.