Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

March 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 2 մարտ 2011-ին Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը: Բացման խօսքը կարդաց Թ. դասարանէն Սարին Սիւփիւրկեճեան, որ անդրադառնալով սփիւռքի մէջ այսօրուան ձուլման մարտահրաւէրներուն եւ հայութեան գոյատեւման առօրեայ պայքարին` ըսաւ. «Ազգի ու կրօնի պահպանման նոյն այդ պայքարը մղեցին Վարդանանք 1560 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ Աւարայրի ճակատամարտին ուղիին ու կռուիլ հայ մնալու եւ հայ ապրելու համար Հայաստանի մէջ»:

Օրուան պատգամը փոխանցող աշակերտներուն խօսքը յաջորդաբար կարդացին Թ. դասարանէն Սարօ Նոխուտեան եւ Սինթիա Սայեղ:  Անոնք հաստատեցին, որ իր ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքին գիտակից ազգ մը կրնայ հասնիլ իր նպատակին, իսկ ազատութեան ու անոր սիրոյն զոհուելու գիտակից պատրաստակամութիւնը մաս կը կազմեն հայու ազգային նկարագրին: Անոնք իրենց խօսքը աւարտեցին` ըսելով. «Աւարայրը եղաւ այն կամուրջը, որուն վրայէն քալեցին Վանի, Կարսի, Զէյթունի, Սասունի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Արցախի անձնուրաց ու յանձնառու բոլոր ֆետայիները, հայ ժողովուրդն ու ազատամարտիկները: Այս ոգին է, որ փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, հասաւ մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Արցախ, եւ վստահ ենք, որ պիտի հասնի մինչեւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»:

Ձեռնարկը անակնկալօրէն ընդհատեց Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան` Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Վարչապետը բարձր գնահատեց աշակերտներուն հայրենասիրութիւնն ու ազգային ոգին: Այնուհետեւ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը:

Ը. դասարանէն Լոռի Սարգիսեանի, Լոռի Սերայտարեանի եւ Մաթիան Փայլեանի Աւարայրի ճակատամարտը կանխող պատմական դէպքերու ամփոփ տեղեկատուութենէն ետք, Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ի «Բանտին մէջ» հատուածին թատերական ներկայացումով, Ը. դասարանի աշակերտները ներկաները փոխադրեցին Տիզբոն, ուր Յազկերտի հրաւէրին ընդառաջելով` հայ նախարարները ինկած էին պարսիկ արքային ծուղակը. անոնք բանտին մէջ կը գտնուէին երկընտրանքի առջեւ` հաւատքի ուրացում կամ մահ: Դժուար էր համոզել սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, որ Գուրգէն Փափազեանի բերնով պոռթկաց. ,… Ես չեմ ուրանար, ո՛չ կեղծ, ո՛չ անկեղծ: Ես, զաւակ Մամիկոնեաններու, ծնած եւ մեծցած Սահակ Պարթեւի ծունկերուն վրայ, բովանդակ Հայաստանի ատելի օրինա՞կ մը տալ. Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ»: Նժդեհ Գարագաւորեան, որ կը մարմնաւորէր Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնին, կ՛առաջարկէր առերես ուրացման գաղափարը` իբրեւ միակ ճար հայրենիք վերադառնալու եւ ժողովուրդին ու երկրին տէր կանգնելու: Սեւակ Աշճեան, Րաֆֆի Խալոյեան, Զոհրապ Մղտեսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վանայ Ճենանեան, Ալիք Գամպուրեան, Կարօ Գալայճեան, Սեւակ Պեքերեճեան, Հարօ Սողոմոնեան եւ Գեղամ Հաւաթեան հայ նախարարներու դերերով ամէն ճիգ կը թափէին համոզելու սպարապետը: Ի վերջոյ բանտապահը (Յարութ Թիքիճեան), որ գաղտնի քրիստոնեայ էր, զգուշացուց բանտարկեալները. «Օրհասը հասաւ, ի սէր Քրիստոսի, ազատեցէ՛ք ձեր կեանքերը իշխաններ»: Այնուհետեւ մարզպանն ու նախարարները յաջողեցան համոզել Վարդան Մամիկոնեանը, եւ բոլորը երդում տուին առ Աստուած.

«Կ՛երդնո՜ւնք, սրբազա՛ն երդում:
Պիտի գա՛նք քեզի, հեռո՜ւ հայրենիք,
Պիտի գանք` իբրեւ բոցեղ փոթորիկ,
Փշրելու ամէն շղթայ եւ պատնէշ,
Հողէդ խլելու ամէն խորթ ծաղիկ.
Պիտի գանք նաեւ իբր անսանձ ջրվէժ`
Արդար զայրոյթի յորձքով քշելու
Փրկատենչ սրտէդ օձերն արնարբու,
Եւ քե՛զ միայն մերն ընելու ընդմիշտ…
Պիտի գա՛նք քեզի, Մայր Հայրենիք»:

Թատերական ներկայացումէն ետք, Վանայ Ճենանեան արտասանեց «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, որմէ ետք Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին Վարդանի երգը: Նշենք, որ Է. դասարանի աշակերտները այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդանանքի նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներով:

Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով:

Նախորդը

ԱՆՀՈՒՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ1560-ԱՄԵԱԿԸ

Յաջորդը

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.