Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենասիրութեան ոգիի, քրիստոնէական հաւատքի պահպանումին եւ գոյատեւումին ներշնչման աղբիւր Վարդանանց տօնը հայ վարժարանի եւ աշակերտութեան համար իւրայատուկ իմաստ ու նշանակութիւն ունի:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 1 մարտ 2011-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ արժանահաւատ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը:

Այս առումով, բեմի վրայ զետեղուած Վարդանի պատկերը, մեր քրիստոնէական հաւատքը խորհրդանշող եկեղեցին եւ հայոց պատմութեան մէջ յաղթանակներու խորհրդանիշ Սարդարապատի յուշարձանն ու Արցախի «Մամիկն ու պապիկ»ը, լաւագոյնս կ՛արտայայտէին այս տօնին շաղկապումը մերօրեայ կեանքին: Տեղին է նշել, որ վերոյիշեալ գծագրութիւնները խնամքով պատրաստուած էր 10-րդ դասարանի աշակերտուհի` Մարիա Պագգալեանի կողմէ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղեդի Ֆուտուլեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանց պատգամին` նշելով, թէ դարերու վրայ երկարած հայութեան յաղթանակներու ոգին խարսխուած էր Վարդան Մամիկոնեանի ըմբոստութեան եւ «Ո՛չ»ին մէջ:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան` 7-րդ դասարանի աշակերտ  Աւօ Տագէսեան,  որ ջութակի վրայ նուագեց «Ալ Այլուղս» կտորը, 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Լոռի Պիլալեան` սրինգի վրայ նուագեց «Երազ իմ երկիր»ը, որուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Նազանի Սվաճեան: Ասմունքով հանդէս եկան 8-րդ դասարանի աշակերտ Մինաս Ադամեան եւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Սարին Էքմէքճեան, որոնք մեկնաբանեցին Վ. ԹԷքէեանի «Խորհուրդ վարդանանց» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր վարժարանի շրջանաւարտ Եղիկ Թաշճեան, որ ներկայացնելէ ետք Վարդանանց պատմական արժէքը շեշտը դրաւ այս հերոսամարտէն մեզի ժառանգուած յաղթանակներուն: Ան փոխանցեց, թէ Վարդանանց պատերազմի մնայուն պատգամը կը մնայ այն, որ բարոյականի առընթեր, նաեւ` ռազմական եւ հաւատքի պահպանումին յաղթանակը կերտուած էր: Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը իր ընդդիմութիւնը յայտնելէ ետք դարեր շարունակ մնաց քրիստոնեայ եւ հայրենապաշտ ժողովուրդ:        

Բանախօսը անդրադառնալով յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ  տակաւին հայութեան սպառնացող վտանգները կը մնան ի զօրու, եւ հրաւիրեց աշակերտութիւնը թշնամի թուրք-ազերին  լաւապէս ճանչնալու, հայ հաւատքին ու մշակոյթին տիրութիւն ընելու, եւ ներկայ սերունդը հրաւիրեց զգաստութեան եւ աչալուրջ կեցուածքներով դէմ կանգնելու քրիստոնէութեան սպառնացող վտանգներէ:

Հարկ է յիշեցնել, թէ վարժարանի մանկապարտէզի դասարաններուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր` այս տօնին հետ առնչուող, ուր, երկու շաբթուան տեւողութեամբ, զանազան ուսուցիչներ պատմութիւններով աշակերտներուն փոխանցեցին Վարդանանց ճակատամարտի արժէքն ու պատգամը:

Անոնք իրենց կարգին, ունեցան ձեռնարկ մը:  Մանկապարտէզի փոքրիկ տղաքը ներկայացան Վարդանանց պատերազմը խորհրդանշող յատուկ տարազներով` բծախնդրօրէն պատրաստուած: Անոնք իրենց ուխտը վերանորոգեցին վահանով եւ սուրով, իսկ փոքրիկ աղջիկները մարմնաւորեցին Շուշանիկի կերպարը, իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով մոմեր, քրիստոնէութեան հաւատքը եւ լոյսը փառաբանող:

Յիշատակելի էր մանկապարտէզի աշակերտութեան կողմէ այս տօնին յատուկ երգերու մատուցումը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԱՆՀՈՒՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ1560-ԱՄԵԱԿԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.