Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համար ի գործ դրուելիք ջանքերուն մասին:
Ան հաստատեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ սերտելու նախարարութեան կարիքները, որպէսզի հոգայ զանոնք:
Պատասխանելով կառավարութեան նոր կազմին մասին հարցումի մը` Ա. Նազարեան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը ներկայացուած են կառավարութեան մէջ` մաղթելով, որ անոնք իրարու հետ գործակցին, «որովհետեւ լիբանանցիները ձանձրացած են տիրող քաղաքական իրավիճակէն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած», ըսաւ ան:
Ուժանիւթի նախարարութիւնը ստանձնելու պատճառներուն մասին Ա. Նազարեան ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը, խորհրդակցելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, յարմար գտաւ, որ այս նախարարութիւնը ես ստանձնեմ»:
Ուժանիւթի նախարարութեան «գրաւչութեան» մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արթիւր Նազարեան շեշտեց, որ ինք գաղտնի ոչինչ ունի, ոչ ոքէ կը վախնայ եւ նախարարութեան հաշիւները բոլորին դիմաց բաց պիտի ըլլան:
«Կը մերժեմ, որ մէկը ինծի դէմ յարձակելու սիրոյն յարձակի` առանց շօշափելի փաստերու», եզրափակեց Ա. Նազարեան:


