Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ ծրագիրներու մշակման հոլովոյթը ընթացքի մէջ է եւ մօտ օրէն այդ ծրագիրները պատրաստ կ՛ըլլան: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:
Տեմիրճեան նշեց, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ստանձնած է Եւրոպայի տարածքին մէջ տարուելիք աշխատանքներու համակարգողի դերը: Ըստ անոր, ծրագիրները քաղաքական բովանդակութիւն ունին` յստակ քաղաքական պատգամով եւ ուղերձով: Տեմիրճեան շեշտեց, որ յստակ պատգամ ունենալ կը նշանակէ նաեւ պահանջատէր ըլլալ հայկական կալուածներու վերադարձին գծով:
Անդրադառնալով Չեխիոյ նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը բարձրաձայնելուն` Տեմիրճեան յայտնեց, որ նախագահին ելոյթին պիտի յաջորդէ պաշտօնական ճանաչումը: «Նախագահին կողմէ անհատապէս ճանաչումը անշուշտ չի նշանակեր, որ երկրին խորհրդարանը կամ օրէնսդիր մարմինը նոյնպէս անպայման ատիկա պիտի ճանչնայ: Բայց մեր գնահատումով, եթէ նախագահին կողմէ կատարուած է յայտարարութիւն, ապա անոր շարունակութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ պաշտօնական օրէնսդրական առումով», ըսաւ Տեմիրճեան:
Աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ եւրոպական տարբեր խորհրդարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրաձայնելու ուղղութեամբ:
Վերջին տարիներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը նշանակալի յաջողութիւններու հասած է ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւերու ընդունման գործին մէջ:
Յանձնախումբը սկսած է նաեւ նոր յանձնախումբերու ստեղծման հոլովոյթը Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին չճանչցած երկիրներուն մէջ: Նոյեմբերէն Ռումանիոյ մէջ կը գործէ Հայ դատի նորաբաց յանձնախումբը, որ աշխուժօրէն ներգրաւուած է Հայկական հարցի բարձրացման եւ լուծման աշխատանքներուն մէջ:
Մարտին կը նախատեսուի նոր յանձնախումբ մը ստեղծել Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն մէկուն մէջ:
Օրակարգին վրայ կը գտնուին ջաւախքահայութեան խնդիրները լուծելու նպատակով Եւրոպական Միութենէն օժանդակութիւն ստանալու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման, օգնութեան հարցերը:
Մեծ աշխատանքներ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար երկրի մասին եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն մէջ ճիշդ պատկերացում տալու ուղղութեամբ:


