ՄԱԿ-ի պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով գործավար Ռոպըրթ Սիրի զգուշացուց, որ «Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը սկսած է փուլ գալ»:
Ան նշեց, որ «վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Կազայէն Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռարձակումներու դէպքերու աճը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան վրէժխնդրական գործողութիւնները պաղեստինցի քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած են»:


