
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ, մեկնաբանելով Զուիցերիոյ դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ օտար աշխատաւորներու շրջագայութիւնը սահմանափակելու ծրագիր մը մշակելու որոշումը, յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կառչած կը մնայ իր անդամ երկիրներուն եւ իրեն հետ առեւտրական համաձայնագիրներով կապ ունեցող պետութիւններուն մէջ անհատներու ազատ շրջագայութեան սկզբունքին:
Զուիցերիոյ իշխանութիւնները այդ որոշումը տուած են անցեալ կիրակի օր` Զուիցերիոյ մէջ այդ հարցին շուրջ տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքներուն լոյսին տակ: Քուէարկողներուն 50.3 առ հարիւրը օտար աշխատաւորներու` Զուիցերիոյ մէջ ազատ շրջագայութիւնը սահմանափակելուն ի նպաստ քուէարկած էր:
Պարոսօ շեշտեց, որ ինք վճռակամ է Եւրոպայի ընդհանուր շահերը պաշտպանելու առնչութեամբ, որովհետեւ «անարդար է, որ Զուիցերիա եւրոպական շուկայ մուտք գործելու ազատութիւն ունենայ, անոր հազարաւոր քաղաքացիները Եւրոպական Միութեան անդամ տարբեր երկիրներու մէջ աշխատին, իսկ անիկա նոյն վերաբերումը չցուցաբերէ, մասնաւորաբար անհատներու շրջագայութեան հարցով»:
Ան ըսաւ, որ զուիցերիական քուէարկութեան արդիւնքը նոր եւ կարեւոր խնդիր կը յառաջացնէ: «Կը կարծեմ, որ ատիկա նախ եւ առաջ զուիցերիացիներուն համար խնդիր է, եւ անոնք պէտք է լուծումներ առաջարկեն», նշեց Պարոսօ:
«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ կը մնայ Զուիցերիոյ հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն անհատներու ազատ շրջագայութեան սկզբունքին պահպանումը շեշտելով», ըսաւ ան` վերահաստատելով երկու կողմերուն համար առեւտրական գործընկերութեան կարեւորութիւնը:


