Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԿԸ ՀԱՒԱՍՏԷ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 100 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ Է»

June 25, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսքի մէջ ներկայացուց ներքին եւ շրջանային զարգացումներուն իր մեկնաբանութիւնը, ապա յայտարարեց լրտեսական ցանցերու մասին տարաձայնութիւններու առնչութեամբ իսկական եղելութիւնները:

Նասրալլա նախ եւ առաջ անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան` հաւաստելով, որ կառավարութիւնը միագոյն չէ, այլ համաձայնական կառավարութիւն մըն է, որուն Հըզպալլա կը մասնակցի միմիայն երկու նախարարով, ուստի զայն «Հըզպալլայի կառավարութիւն» անուանելը սխալ է: Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր կազմութեան մէջ սուրիական դերակատարութեան, ապա այդ ալ անճիշդ է, նշեց ան, որովհետեւ կառավարութեան գծով եղած արտաքին միջամտութիւնները կատարուած են միմիայն անոր կազմութիւնը խանգարելու ուղղութեամբ: «Եթէ միագոյն կամ սուրիական կառավարութիւն ըլլար, անոր կազմութիւնը օրերու հարց պիտի ըլլար», նկատել տուաւ ան:

Կառավարութեան կազմութեան գծով այս զրպարտութիւններուն նպատակներն են մէկ կողմէ ներքին միջհամայնքային հարցեր հրահրել, իսկ միւս կողմէ արտաքին եւ արեւմտեան ուժերը մղել պատժամիջոցներու, ըսաւ Նասրալլա` դիտել տալով, որ այդ պատժամիջոցները վնաս պիտի հասցնեն երկրին, պետութեան, ժողովուրդին, մինչ Հըզպալլայի վրայ անոնց ազդեցութիւնը ջնջին պիտի ըլլայ. այս ընդդիմութեան ընթացքը ժողովրդավարական եւ շինիչ չէ, այլ` վնասակար:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի մէջ իսրայէլեան լրտեսական մեծ ցանցերու յայտնաբերումին, ապա Նասրալլա ըսաւ, որ բացայայտուած են երեք առանձին անհատներ, որոնցմէ երկուքը կը գործակցէին «Սի. Այ. Էյ.»ի հետ, (մէկը` միմիայն հինգ ամիսէ ի վեր), իսկ երրորդին արտաքին կապը ցարդ չէ հաստատուած:

Ան հաւաստեց, որ ամբաստանեալներուն շարքին կրօնաւոր չկայ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը բարձր կամ զգայուն դիրքերու վրայ կը գտնուէր:

Ան նկատել տուաւ, որ ի տես Դիմադրութեան մէջ թափանցում կատարելու իր անկարողութեան, իսրայէլեան Մոսատը դիմած է աշխարհի հզօրագոյն գաղտնի սպասարկութեան օժանդակութեան, այնուհանդերձ Դիմադրութիւնը յաջողած է բացայայտել դաւը:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը այնուհետեւ խօսեցաւ Իսրայէլի մէջ կատարուած վերջին ռազմափորձերուն մասին` նկատել տալով, որ «վերափոխում-5»ը նորագործն է 2006-ի իսրայէլեան պարտութենէն ետք տարեկան դարձած ռազմափորձերէն, որոնց նպատակն է բարելաւել Իսրայէլի ներքին ճակատի պատրաստուածութիւնը:

Նասրալլա նկատել տուաւ, որ այս ռազմափորձերը կ՛ապացուցեն, որ Իսրայէլ կ՛անդրադառնայ, թէ իր պատմութեան մէջ աննախընթաց կացութեան մը առջեւ է, ուր ապագայ որեւէ բախումի թիրախ պիտի դառնայ ցարդ անմատչելի նկատուած իր ներքին ճակատը: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ թշնամին շատ լաւ պիտի մտածէ որեւէ ոտնձգութիւն գործելէ առաջ, բայց նաեւ պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ յարձակողապաշտ այդ թշնամին կ՛ուզէ առաւելագոյնս ապահովել իր ներքին ճակատը, դիտել տուաւ ան:

Շրջանային եւ արաբական զարգացումներուն անցնելով` սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ հակառակ Իսրայէլը թշնամի հռչակող յայտարարութիւններուն ու կեցուածքներուն, Իսրայէլ 1,4 միլիառ հաշուող արաբական եւ իսլամական շրջապատէն չի մտահոգուիր, եւ այդ շրջապատի պետութիւններէն ոմանց ունեցած նիւթական, մարդուժի եւ զինուորական վիթխարի կարողութիւններէն մտահոգ չէ, եւ զանոնք թշնամի չի սեպեր: Իսրայէլ թշնամի եւ վտանգաւոր կը նկատէ միմիայն չորս ուժ. Իրանը, զոր կը նկատէ գոյութենական վտանգ, Սուրիան, լիբանանեան Դիմադրութիւնն ու Կազայի դիմադրութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ Սուրիան արաբական միակ երկիրն է, որ կ՛ընդդիմանայ Իսրայէլի, իսկ միւսներէն այն քիչերը, որոնք նոյն կեցուածքը ունին, թէ՛ հեռու են Իսրայէլէն, թէ՛ ալ կլանուած են ներքին հարցերով եւ միջազգային ճնշումներուն դիմանալով: Սուրիա ձախողութեան մատնած է պաղեստինեան դատին ու մեր երկիրներուն դէմ նիւթուած ամէնէն վտանգաւոր դաւերը, եւ դաշնակցած է այդ դաւերուն ընդդիմացող Իրանի ու Դիմադրութեան շարժումներուն հետ` անսալով արաբ ժողովուրդներու տրամադրութեանց, ըսաւ ան: Նասրալլա բացատրեց, թէ այս է պատճառը, որ հակառակ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտարարած ու ձեռնարկած բարեկարգումներուն, ապա շնորհած երկու համաներումներուն, անոր քայլերը կ՛անտեսուին եւ կը շարունակուի վարչակարգը տապալելու դաւը` ի շահ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու:

Ասոր դիմաց Պահրէյնի մէջ անզէն ու խաղաղ ցուցարարները կը սպաննուին, կը բանտարկուին, բայց իր դատին հաւատացող եւ զայն անվհատ հետապնդող ժողովուրդին խաղաղ շարժումը անպայմանօրէն կ՛արդիւնաւորուի, եզրափակեց ան:

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ- ՍՈՒՐԻԱ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՍՐԻ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՐԾԱՐԾԵՑԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու  Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

November 26, 2026
Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը  Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական  Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է,  Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»
Լիբանանեան

Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»

November 26, 2026
Ժրուտ Պաթրունի Մէջ Ձերբակալուածները  «Բռնի Կերպով Կալանաւորուած» Որակելով`  Հաժ Հասան. «Քաղաքականացումը Հասած Է  Վտանգաւոր Մակարդակի,  Եւ Համբերութիւնը Սահման Ունի»
Լիբանանեան

Ժրուտ Պաթրունի Մէջ Ձերբակալուածները «Բռնի Կերպով Կալանաւորուած» Որակելով` Հաժ Հասան. «Քաղաքականացումը Հասած Է Վտանգաւոր Մակարդակի, Եւ Համբերութիւնը Սահման Ունի»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։