
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն սպառնացած վտանգը:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է միասնական կերպով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ` թօթափելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն սպառնացող այս վտանգը:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց լիբանանեան բանակն ու անոր արձանագրած իրագործումը, որ կը դրսեւորուի ահաբեկչական բազմաթիւ խմբաւորումներ եւ բջիջներ ձերբակալելով: Ան կարեւոր նկատեց բանակին նկատմամբ ցուցաբերուելիք զօրակցութիւնը:
Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ մեկնումի պահուն պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ ուղղուած հարցումի մը, ըսաւ. «Եթէ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկուի ստանձնել ուժանիւթի նախարարութիւնը, ապա կուսակցութիւնը կը քննէ այդ հարցը եւ անկէ ետք այդ մասին կը խորհրդակցի իր դաշնակիցներուն, յատկապէս Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ»:


