Պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն մէջ նկատի պէտք է առնել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին իրաւունքները:
Ան շեշտեց, որ մէկ կամ երկու ամսուան կեանք ունենալիք կառավարութիւն մը կազմելու համար հերթագայութեան սկզբունքը ամլացնող նախապայման է:
Փ. Մանճեան ընդգծեց, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու պահանջը հակառակորդ քաղաքական ուժերուն պահանջն է, որ կը միտի Հըզպալլան հեռացնել կառավարութենէն:
«Մենք բոլորէն աւելի կը փափաքինք կազմել կառավարութիւն մը, որ նախագահական ընտրութիւն կը կազմակերպէ, որպէսզի կանխարգիլենք երկրին անիշխանութիւնը», ըսաւ Փ. Մանճեան:
Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած:


