Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակցութեանց Մէջ Մեծ Յառաջդիմութիւն Չարձանագրուեցաւ» Ըսաւ Իպրահիմի

February 12, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լախտար Իպրահիմի
Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ երէկ Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ բանակցութեանց աւարտէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի երկրորդ փուլի բանակցութեանց ծիրին մէջ առօրեայ ժողովներ գումարելու կարելիութենէն վստահ չէ: «Այս շաբաթասկիզբը շատ դժուար էր` ճիշդ առաջին փուլին դժուարութեան նման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք մեծ յառաջդիմութիւն չենք արձանագրեր եւ մեր բոլոր ջանքերը պիտի թափենք այս հոլովոյթը ընթացք առնելու կարողականութեամբ օժտելու համար: Մենք երկու կողմերուն համագործակցութեան եւ արտաքին աջակցութեան կարիքը ունինք, իսկ ուրբաթ օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կաթիլովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուինտի Շըրմընի հետ եռակողմ ժողով մը պիտի գումարենք: Ամէնէն մօտիկ ժամանակին պիտի այցելեմ Նիւ Եորք` Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին զեկուցում մը ներկայացնելու համար»:

Իպրահիմի ըսաւ, որ սուրիացի ժողովուրդը համբերատար ըլլալու կարողութիւնը չունի, եւ «մենք սուրիացի ժողովուրդին պարտական ենք ներկայէն աւելի արագ յառաջդիմութիւն արձանագրելու»:

Ան ըսաւ, որ տագնապի երկու կողմերուն օրակարգ կարելի չէ պարտադրել` վստահեցնելով, որ կարելի է փոխանցման կառավարութեան հարցով զբաղիլ եւ անոր զուգահեռ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարեց, որ «ահաբեկչութեան վերաբերող օրակարգի քննարկումէն առաջ որեւէ այլ օրակարգ պիտի չքննարկենք»` նշելով, որ «ընդդիմութիւնը մերժեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգը քննարկել, ուստի այսօր այլ դժուար օր մըն էր»:

Ան ըսաւ, որ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան «Ժընեւ-1»-ի յայտարարութեան մէջ նշուած կէտերուն կարգով, իսկ այդտեղ առաջին կէտը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է, իսկ փոխանցման կառավարութեան հարցը ատկէ ետք կու գայ:

Սուրիական յեղափոխական եւ ընդդիմադիր ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի անդամ Մունզեր Աքպիք յայտարարեց, որ մարմինը ժողովի մասնակիցներուն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման վերաբերեալ փաստաթուղթ մը ներկայացուցած է` նշելով, որ այդ փաստաթուղթը պիտի հրապարակուի:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները պէտք է օժանդակեն ահաբեկիչներու գործունէութեան վերջ տալուն եւ մարդասիրական հարցերու լուծման»:

Ան ըսաւ, որ սուրիական հասարակութիւնը Ժընեւի միջսուրիական երկխօսութեան մէջ պէտք է ներկայացուած ըլլայ, որպէսզի տագնապը լուծուի, սակայն ատիկա շատ հեռու կը թուի ըլլալ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց նաեւ, որ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած արեւմտեան բանաձեւը մերժելի է, որովհետեւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը վարչակարգին ուսերուն կը բեռցնէ, իրողութիւնը կ՛անտեսէ, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներով կը սպառնայ եւ կը հակասէ ներկայ կացութեան ու «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան:

Ան ըսաւ, որ ընդդիմադիր զինեալները պէտք է ապաշրջափակեն Հասաքէն ու Զահրահը:

Նախորդը

Ալճերիոյ Մէջ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.