Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համալսարանն Ու Հիմնարկը Գիտական Հետազօտութիւններէն Օգտուելու Ապագայ Հեռանկարներ Ունին» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան

February 7, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

vrej_sabounjian_certificates2Երէկ աւարտեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկին կազմակերպած վարժանքը, որ յատուկ կերպով կազմակերպուած էր Լիբանանեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքի ուսանողներուն համար:

Այս առիթով ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան ներկայ գտնուեցաւ վարժանքին մասնակցող ուսանողներուն վկայագիրները յանձնելու պաշտօնական ձեռնարկին:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Պասսամ Ֆրըն եւ Լիբանանեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքի տնօրէն Ռաֆիք Եունես, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ուսանողներ եւ դասախօսներ:

vrej_sabounjian_certificatesՊաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին նախարար Սապունճեան ողջունեց Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ գործակցութիւնը` նշելով, որ անիկա առիթ կու տայ համալսարանի շրջանաւարտներուն աշխատանքի շուկային մէջ իրենց հորիզոնները ընդարձակելու: Համալսարանն ու հիմնարկը առիթ կու տան գիտական հետազօտութիւններէն օգտուելու եւ ընկերութեան ծառայելու, ճարտարարուեստը զարգացնելու, արտադրութիւններուն որակը բարելաւելու, սպառողը պաշտպանելու եւ աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծելու ապագայ հեռանկարներ ընծայելու:

«Իմ խորհուրդս ձեզի պիտի ըլլայ այն, որ կեդրոնանաք ձեր ուսման վրայ եւ հեռանաք բոլոր այն երեւոյթներէն, որոնք ապարդիւն են», շեշտեց Վ. Սապունճեան:

Իր կարգին, Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն ընդգծեց գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միաձուլման անհրաժեշտութիւնը` արդի պետութիւն մը կերտելու նպատակով:

Խօսք առաւ նաեւ Ֆրըն, որ շեշտեց, թէ վարժանքին ընթացքին ներկայացուած են այնպիսի թեքնիքներ, որոնք ճարտարարուեստի եւ ակադեմական մարզերը կ՛օժտեն հմտութիւններով եւ ծառայութիւններով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Մերժենք Կառավարութիւնը Հակասահմանադրական Դարձնող Որեւէ Խորամանկութիւն»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.