Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Ընտանիք Մը Քաղաքական Ապաստան Կը Խնդրէ Հայաստանի Մէջ

February 1, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arm-Azerbaijan-borderԱզրպէյճանական 5 հոգինոց ընտանիք մը Վրաստանի կողմէ հատած է Հայաստանի սահմանը եւ ապաստան խնդրած: Այս տեղեկութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաստատեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

Աւելի ուշ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց Հայաստանի մէջ քաղաքական ապաստան խնդրած ազրպէյճանցի ընտանիքի անդամներուն անունները: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ ընտանիքը որոշում տուած է Հայաստանի մէջ ապաստան գտնել` ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ ճնշման ենթարկուելուն պատճառով:

«29 յունուարին հայ-վրացական «Բագրատաշէն» հսկիչ-անցագրային կէտ դիմած է Ազրպէյճանի քաղաքացի, Պաքու քաղաքի բնակիչ, 1976 թուականին ծնած Ճաւիտ Օրուճեւ` իր կնոջ եւ երեք մանկահասակ զաւակներուն համար քաղաքական ապաստան խնդրելու նպատակով: Այս որոշումը հիմնաւորուած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ անոր նկատմամբ գործադրուած հալածանքներով», ըսուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Օրուճեւ, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, պատմած է, որ իր նկատմամբ ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու ճնշումները սկսած են հայկական արմատներով կնոջ` Պաքուի բնակիչ, 1983 թուականին ծնած Ռոյա Միրզոյեւայի հետ ամուսնանալէն ետք:

«Չդիմանալով անմարդկային կեղեքումներուն, Ճաւիտ Օրուճեւ պարտադրուած համաձայնած է համագործակցիլ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ, եւ կնոջ` արտասահման բնակող ազգականներուն միջոցով տուեալներ հայթայթել Հայաստանի եւ սփիւռքի վերաբերեալ: Գիտակցելով իրեն եւ իր ընտանիքին սպառնացող իրավիճակին` Օրուճեւ անյաջող փորձ կատարած է բնակութիւն հաստատել եւրոպական երկիրներէն մէկուն մէջ, ուրկէ Պաքու արտաքսուելէն ետք անոր նկատմամբ աւելի զօրացած են Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն ճնշումները:

«Յայտնուելով այսպիսի անելանելի իրավիճակի մէջ եւ, զգալով իր ընտանիքին սպառնացող իրական վտանգը, Ճաւիտ Օրուճեւ որոշած է քաղաքական ապաստան խնդրել Հայաստանի իշխանութիւններէն», նշուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակը եւ Հայաստանի գաղթականութեան գործակալութիւնը այժմ կը զբաղին այդ ընտանիքին հետագայ ճակատագիրով:

 

 

Նախորդը

«Թրքական Նոյնիսկ Մաքրազտուած Բաց Արխիւները Կ՛ապացուցեն Ցեղասպանութեան Փաստը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ղարաբաղեան Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.