
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Օմար Իպրահիմ Աթրաշը (ծանօթ` իբրեւ Ապու Օմար), որ 22 յունուարին ձերբակալուած էր Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկիչներուն հետ կապեր եւ լիբանանցիներ, սուրիացիներ ու պաղեստինցիներ զինուորագրող ահաբեկչական բջիջ մը ունենալու յանցանքով, յանձնած է համապատասխան դատական ատեանին:
Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ հարցաքննութեան ընթացքին Աթրաշ խոստովանած է, թէ ինք կապեր ունի բոլոր պահանջուածներուն հետ: Անոնք են` Օմար Իպրահիմ Սալեհ (ծանօթ` իբրեւ Ապու Ֆարուք), Նայիմ Ապպաս, Ահմետ Թահա եւ ուրիշներ, որոնք մաս կը կազմեն «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներուն, ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային:
«Օմար Աթրաշ խոստովանած է, թէ ականուած ինքնաշարժներն ու անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակները Լիբանան փոխադրած է: Ան նշեց, որ ինք ականուած ինքնաշարժները ստանձնած է սուրիացի Ապու Խալետէն եւ զանոնք յանձնած ահաբեկիչ Նայիմ Ապպասի` յանձնումի աշխատանքը Օմար Սալեհի հետ համադրելէ ետք: Աթրաշ Լիբանան փոխադրած է նաեւ ականուած գօտիներ, ձեռնառումբեր եւ զինամթերք:
Աթրաշ շեշտած է, որ ականուած այդ ինքնաշարժներէն` «Շերոքքի» տիպի ինքնաշարժին մէջ, ինք փոխադրած է անձնասպանական գործողութիւններու երկու հեղինակներ, որոնք ականուած գօտիներ հագած էին: Աթրաշ յայտնած է, որ ինք զանոնք յանձնած էր Նայիմ Ապպասի, սակայն անոնք աւելի ուշ Աուալիի ու Մաժտալիունի բանակի անցարգելներուն վրայ սպաննուած էին:
«Աթրաշ խոստովանած է նաեւ, որ ինք անձնասպանական գործողութիւններու արաբ հեղինակներ փոխադրած է Սուրիա եւ զանոնք յանձնած Ժապհաթ Նուսրայի, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն բերած է 4 հրթիռներ, որոնք 22 օգոստոս 2013-ին Հաուշ շրջանէն արձակուած են դէպի բռնագրաւեալ Պաղեստին: Ան ըսած է նաեւ, որ իր ձերբակալումէն քանի մը օր առաջ Ահմետ Թահայէն ստանձնած է 4 այլ հրթիռներ», նշուեցաւ բանակի հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ նշելով, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ընդարձակած է հետաքննութեան ծիրը` բացայայտելու համար բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կատարուած են ահաբեկչական այն բջիջին կողմէ, որուն կը պատկանի ձերբակալեալը:
Նշենք, որ զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ դատ բացաւ Օմար Աթրաշի եւ 12 ուրիշներու դէմ` Քայիտայի եւ «Ապտալլա Ազզամ»-ի փաղանգներուն նման զինեալ խմբաւորումի պատկանելու եւ ահաբեկչութիւններ գործելու յանցանքով:
ՄԻՒՍ կողմէ, բանակի հրամանատարութեան մէկ այլ հաղորդագրութեամբ նշուեցաւ, որ բանակը Արսալի մուտքին գրաւած է «Ռընօ Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը, որ կուտակուած էր զէնքով եւ զինամթերքով: Բանակը ձերբակալած է նաեւ ինքնաշարժին մէջ գտնուող երեք անձերը:


