Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ Ժամալ Տաֆթարտարը եւ 12 անձեր ամբաստանեց ահաբեկչական խմբաւորում մը կազմելու եւ Քայիտայի ու անոր հետեւորդ` ահաբեկչութիւններ գործող «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ուն անդամակցելու յանցանքով:
Ամբաստանեալներուն արարքներէն կը նկատուին նաեւ պետական փաստաթուղթեր կեղծելու, Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարելու, ինչպէս նաեւ զէնքեր, ռումբեր եւ պայթուցիկ նիւթեր կրելու յանցանքները:


