Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող հաւատադրժողական մթնոլորտը իսկական վտանգ կը սպառնայ համաշխարհային կայունութեան:
Ան բարձր գնահատեց Դիմադրութեան առաքելութիւնը` նշելով նաեւ անոր նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Արսլան գնահատեց Թեհրանի շրջանային եւ միջազգային դերակատարութիւնը:
Նշենք, որ Արսլան քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Իրան. անոր ընկերակցեցան պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Պարաքաթ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Նեսիպ Ժաուհարի:


