Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 29, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութիւնը վատթար կը մնայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իրենց իրաւասութիւնները օգտագործեն` չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ 2014-ի ամրան աւարտին Լիբանան օրական 20 ժամ ելեկտրական հոսանք պիտի ունենայ, իսկ 2016-ին Լիբանանի մէջ շուրջօրեայ ելեկտրականութեան մատակարարում պիտի ըլլայ:

ԽԱԼՏԷԻ մայրուղիին վրայ կրակոցի մը պատճառով երէկ սպաննուեցաւ Մոհամետ Խայեալ անունով քաղաքացի մը: Ապահովական այս միջադէպին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրը եւ Մոհամետ Քապպարան, որոնց հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնն ու արձանագրուած զարգացումները` Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան նպատակով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն լոյսին տակ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու, նախքան կառավարութեան կազմութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2014-ի իր նիստէն ետք պիտի հրապարակէ ազգային ուխտ մը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական յանձնախումբի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն դրական արդիւնքով դուրս չեն եկած:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնած է, որ այս հանգրուանին նախարարութիւններու հերթագայութիւնը կրնայ յետին նպատակներ ունենալ, եւ իրենց համար հասկնալի չէ երեք կամ չորս ամսուան համար նախարարութիւնները հերթագայութեան ենթարկելու սկզբունքը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ մղուած արշաւը: Ան շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ բանակին միասնականութիւնը խախտելու փորձերուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ փտածութեան գոյութեան մասին բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ համայնքի մը կողմէ որեւէ նախարարութիւն իւրացնելու միտումը պետականութեան տրամաբանութենէն բաւական հեռու է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Էտի Ապի Լամաա նշեց, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը կը փաստէ, թէ նոր կառավարութեան մը ծնունդը աննախատեսելի է:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին միասնականութեան պահպանումին միակ երաշխիքն է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ Հըզպալլա Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ դժուար բանակցութիւններ կը վարէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ եթէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ կը պնդէ, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը քրիստոնեայ համայնքին յանձնուի, ապա կարելի է այդ նախարարութիւնը Փաղանգաւոր կուսակցութեան յանձնել:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ինքզինք Լիբանանի քրիստոնեաներուն պաշտօնական բանբերը կը նկատէ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Չեղեալ Յայտարարած Է

Յաջորդը

Քըրթպաուի. «Շէյխ Օմար Աթրաշի Հետ Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.