Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Սալամ Իր Որոշումին Տէրը Չէ, Իսկ Գործընկերութիւնը Սկզբունքային Համաձայնութեամբ Կ՛ըլլայ»

January 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժըպրան Պասիլ
Ժըպրան Պասիլ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, որուն լոյսին տակ ան յայտնեց, թէ նոր կառավարութիւնը հերթագայութեան սկզբունքով կազմելը կը նպատակադրէ որոշ կողմեր թիրախ դարձնել եւ զանոնք մեկուսացնել:

Պասիլ յայտնեց, որ երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը փաստէ, որ անոր մէջ կան քրիստոնեայ դերակատարութիւնը նսեմացնելու փորձեր, որոնք սկսած են խորհրդարանի եւ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով եւ կրնան հասնիլ նախագահական պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելու եւ ընտրական օրէնքի նոյն ձեւը պահելու երեւոյթին:

Ան ըսաւ, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր որոշումին տէրը չէ եւ ան նոյնիսկ չի զգուշացներ, թէ կրնայ լիբանանեան ազգային ուխտը խզուիլ:

«Հետեւաբար, իսլամ-քրիստոնեայ գործընկերութիւնը կառավարութեան շուրջ գոյացած սկզբունքային համաձայնութեամբ կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ այս հանգրուանին կառավարութեան դերակատարութիւնը հիմնական երեք առաջնահերթութիւններու վրայ կեդրոնացած պիտի ըլլայ.

ա) Երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, բ) լիբանանցիներուն կարիքները հոգալ եւ գ) նախագահական ընտրութիւն կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Պասիլ ըսաւ, որ նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէնութիւններուն պարագային տրամաբանական, գործնական եւ արդար հերթագայութիւնը կարելի է կատարել խորհրդարանական կամ նախագահական նոր նստաշրջան մը սկսելու ընթացքին, երբ քաղաքական ուժ մը կամ համայնք մը կը ստանձնէ ծրագիր մը յաջողեցնելու պարտականութիւնը: «Սակայն նախարարութիւններու հերթագայութեան անուանումին տակ նախարարութիւնները երկու ամիսը անգամ մը փոփոխութեան ենթարկելու քայլը կը միտի պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը բարդացնել եւ քաղաքացիներուն շահերուն եւ երկրին վնաս հասցնել, ինչպէս նաեւ որոշ կողմ մը` համայնք մը, քաղաքական ուժ մը կամ անձնաւորութիւն մը թիրախ դարձնել», յայտնեց Պասիլ:

Ան ըսաւ, որ քարիւղի թղթածրարը Լիբանանի եւ անոր քրիստոնեաներուն համար ռազմավարական է եւ անոր մէջ կայ անոնց կողմէ պատրաստուած արդի երաշխիք մը:

«Հետեւաբար կը յուսանք, որ ոչ ոք մեզի հետ խաղայ, որովհետեւ ծովաշարժը կա՛մ բարեփոխում կը բերէ եւ կա՛մ կուտակուած ալիքներ», ըսաւ ան:

Պասիլ իր խօսքը ուղղեց շիի եւ սիւննի համայնքներուն` նշելով, որ անոնք իրարու նկատմամբ եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ պէտք է յանձնառու ըլլան` շեշտելով, որ քրիստոնեաները պաշտօնի մուրացկաններ չեն, այլ` իսկական գործընկերութիւն պահանջող կողմ:

Կը նախատեսուէր, որ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը երէկ այցելէր Ժըպրան Պասիլի:

 

Նախորդը

«Անկեղծ Երկխօսութիւնը Կրնայ Լուծել Սուրիոյ Տագնապը Եւ Պահպանել Լիբանանի Կայունութիւնը» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Շեշտեց Կարող Կառավարութիւն Մը Կազմելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.