
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց, որ «իրանեան հիւլէական ծրագիրի զարգացումէն եւ այդ մարզին մէջ գիտական հետազօտութեան շարունակումէն կարելի չէ նահանջ կատարել»:
Միւս կողմէ, իրանեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` մեր դէմ զինուորական ընտրանքի օգտագործման վերաբերեալ յայտարարութիւնները ոչ դիւանագիտական են»:


