Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Երկու նախարարները հանդիպում ունեցած էին նաեւ անցեալ տարուան դեկտեմբերի սկիզբը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին տրուած ցուցմունքներուն համաձայն:
Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ զինադադարի խախտումներուն աշխուժացման պայմաններուն մէջ:


