Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ «Ժընեւ-2»-ը Լոզանի Դաշնագիրին Նման Կը Նկատէ. Քիւրտերը Սուրիոյ Մէջ Ինքնավարութիւն Յայտարարած Են

January 23, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kurds«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը երեքշաբթի օր` Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին նախօրեակին, հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէ, Աֆրին եւ Քոպանի շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն յայտարարած են:

«Արեւմտեան Քիւրտիստանի Ճեզիրէի նահանգը» պիտի ունենայ իր նախագահն ու 22 նախարարներ, ներառեալ` արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարադատութեան եւ կրթութեան նախարարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին քիւրտ, արաբ եւ ասորի ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին: Նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ քիւրտ Էքրեմ Հեզոն: Ինքնավար նահանգի պաշտօնական լեզուներն են քրտերէնը, արաբերէնն ու ասորերէնը:

«Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ինքնավարութեան յայտարարութիւնը կատարուած է Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովրդավար ինքնավար կառավարութեան 52 կուսակցութիւններէ, քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններէ, երիտասարդական ու կիներու շարժումներէ  ներկայացուցիչներէ ու 15 անկախ անհատներէ բաղկացած օրէնսդիր մարմինի ժողովէն ետք:

Քիւրտերը ինքնավարութիւն յայտարարած են «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին անկախ պատուիրակութեամբ մը մասնակցելու անոնց պահանջին մերժուելէն ետք:

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) վերջերս հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «այնպիսի պահու մը, երբ բոլոր կողմերը խորհրդաժողովին կը հրաւիրուին, քիւրտերուն մասնակցութեան պահանջը անտեսուեցաւ»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութեան «կեցուածքը Պաասական վարչակարգէն տարբեր չէ: Անոնք քիւրտ ժողովուրդին պահանջները լուրջի չեն առներ` ճիշդ Թուրքիոյ կեցուածքին նման»:

ՔԱԿ «Ժընեւ-2»-ը նմանցուց 1923-ի Լոզանի դաշնագիրին, որուն պատճառով քիւրտերը բաժնուեցան չորս երկիրներու` Իրանի, Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ եւ զրկուեցան հայրենիք մը ունենալու իրաւունքէն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ քիւրտերը «Լոզանի արդիւնքներէն մէկ դար տառապեցան: Ուստի, անոնք պիտի չարտօնեն, որ «Ժընեւ-2»-ը իրենց համար այլ Լոզան մը ըլլայ»:

 

 

Նախորդը

Հալէպի Առօրեայէն

Յաջորդը

«Ժընեւ-2»-ը Ընթացք Առաւ Հրապարակային Բուռն Վէճերով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.