Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կ՛ուզէք նուազեցնել ձեր ուտելիքին քանակը, բայց չէք գիտեր` ինչպէ՛ս ընել. ահաւասիկ` 10 հնարներ, որոնք պիտի օգնեն ձեզի նուազ ուտելու:






Վնասակար թացանները փոխարինեցէք թարմ խոտերով (ծոթրին, ռեհան, ազատքեղ, կանաչ սոխ…) եւ համեմներով:




Նորաձեւութեան Աշխարհէն.
«Հերմես»-ի Ստեղծագործական Տնօրէն Վերոնիք Նիշանեան
«Հերմես» նորաձեւութեան տան տղամարդոց հաւաքածոներու ստեղծագործական տնօրէն Վերոնիք Նիշանեանը աշխարհի հազուագիւտ կիներէն է, որ տղամարդոց համար հագուստ կը ստեղծէ:
Վերոնիք ծնած է 1954-ին, Ֆրանսա: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական «Փարիզիէն էքոլ տը լա շամպր սենտիքալ տը լա քութիւր» նորաձեւութեան դպրոցին մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք «Չերութի» եւ ապա «Հերմես» նորաձեւութեան տուներուն մէջ աշխատած է:
«Հերմես»-ի մէջ 1988-ին Վերոնիք սկզբնական շրջանին աշխատած է որպէս սովորական ձեւագէտ, երկու տարի ետք փոխադրուած է նոյն ապրանքանիշի տղամարդոց հաւաքածոներու բաժինը: 2009-ին Վերոնիք կը նշանակուի «Հերմես»-ի այդ բաժնի ստեղծագործական տնօրէն:
«Ցուցադրութիւններէն առաջ ես միշտ կը յուզուիմ: Յամառօրէն աշխատելով` ես յաջողութեան հասայ: Ես մանկութենէս երազեր եմ աշխատիլ այս ոլորտին մէջ: Իմ հայրս հայ է եւ շքեղութեան հանդէպ յատուկ սէր ունեցած է. իսկ մայրս ու տատիկս «Հերմես» ապրանքանիշի աքսեսուարներ կը սիրէին:
«Ինչ կը վերաբերի նորաձեւութեան, նշեմ, որ հազուադէպօրէն փոփոխութիւններ կը կատարեմ: Մեր մօտ հագուստի ոճը գրեթէ չի փոխուիր, իւրաքանչիւր ցուցադրութեան ժամանակ ամէն ինչ նոյնն է` փոքրիկ մանրուքներու փոփոխութեամբ: Ասիկա մեր նորաձեւութեան տան քաղաքականութիւնն է: «Ես այնքան նուիրուած եմ ապրանքանիշին, որ երբեք չեմ մտածեր իմ սեփական նորաձեւութեան տունս բանալու մասին», կը պատմէ Վերոնիք Նիշանեան: Ձեռային Աշխատանք.
Հետաքրքրական Ծաղկաման Մը
Բան մը թափելէ, նետելէ առաջ համրեցէք մինչեւ 10-ը: Մտածա՞ծ էիք, որ այրած լոյսի լամբ մը կարելի է ծաղկամանի վերածել: Ահաւասիկ` խօսուն օրինակ մը: Զայն կարելի է զետեղել գրասեղանի մը վրայ, կամ բաղնիքը` լուացարանին հայելիին առջեւ: Կ՛արժէ փորձել:
Խոհագիր
Խնձորով Անուշեղէն
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
1 քիլօ թթու խնձոր
125 կրամ ալիւր
1 հաւկիթ 1 ապուրի դգալ շաքար
1 ապուրի դգալ ռոմ խմիչք
10 սանթիլիթր կաթ
1 ապուրի դգալ ձէթ
1/2 սուրճի դգալ աղ
Ձէթ` տապկելու համար
Փոշի շաքար
Պատրաստութիւն
Կեղուել, կուտերը մաքրել եւ շերտել խնձորները (մահիկաձեւ կամ կլոր եւ տափակ), վրան 1 դգալ շաքար ցանել եւ աւելցնել ռոմը ու մէկ կողմ ձգել:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել հաւկիթը, աղը, մնացեալ շաքարը, ձէթը եւ լուծել հեղուկ կաթին մէջ: Ստացուած խիւսը պէտք է ըլլայ միատարր եւ ոչ հեղուկ:
Տապակի մը մէջ տաքցնել ձէթը, խնձորի շերտերը քամոցի մէջ փոխադրել, ապա խիւսին մէջ թաթխել եւ տապկել 2-3 վայրկեան: Փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տապկուած խնձորները, վրան փոշի շաքար ցանել եւ անմիջապէս հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դու ուզեցիր, որ ես
Քեզ տիրութիւն անեմ,
Ու ես անտէր մնամ: Ամէն, ամէն ինչ տամ,
Տեղը ոչինչ չառնեմ,
Ու քեզ ընկեր մնամ:Դու իմ արեւն առար
Եւ ուզեցիր, որ ես
Շնորհակալ լինեմ,
Ես անարեւ մնամ,
Բայց քո բախտի համար
Արեւագալ լինեմ:Դու ուզեցիր, որ ես
Քեզ թողնեմ ու գնամ,
Բայց եւ քոնը լինեմ,
Արցունքի մէջ մնամ
Ու սգի մէջ մնամ,
Եւ քո տօնը լինեմ:Դու ուզեցիր, որ ես
Փոխուեմ հազար անգամ,
Բայց եւ հինը լինեմ:
Քեզ ուրիշին տուիր
Եւ չուզեցիր անգամ,
Որ ես իմը լինեմ:Դու ուզեցիր, որ ինձ
Քո մեղքերով չափեմ
Ու մեղքի տակ մնամ,
Քո մեղքերի վրայ
Իմ աչքերը փակեմ
Եւ անգիտակ մնամ…Գուշակեցէք, խնդրեմ,
Մարգարէներ, հիմա,
Ես ձեր ճորտը լինեմ,
Թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի
Ես իմ տան մէջ` միակԱւելորդը լինեմ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ



