Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Հերմելը

January 17, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

03-177Երէկ առաւօտեան ժամը 8:55-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը, երբ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ կեդրոնական Հերմելի սերային դիմաց:

Պայթումը անձնասպանական գործողութեան հետեւանք էր. անոր պատճառով արձանագրուեցաւ երեք զոհ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 40 ուրիշներ:

Լիբանանի մէջ շրջապտոյտի ելած ահաբեկչութիւնը երէկ այցելեց Հերմել, երբ առաւօտեան «Քիա սփորթեճ» տիպի սեւ ինքնաշարժ մը մուտք գործեց Հերմելի հրապարակ, ուր կը գտնուին սերայը, դարմանատուներ եւ դրամատուներ:

Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ինքնաշարժով յառաջացած էր դէպի «Լիբանանեան-քանատական» դրամատուն եւ հոն պայթեցուցած ինքզինք:

Զոհերուն շարքին էր Մոհամետ Հիւսէյն Ամրօ, որ Հերմելի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն մէկն էր:

Միւս երկու զոհերուն ինքնութիւնը կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններէն ետք:

Անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Ժապհաթ Նուսրան, որ իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «Աստուծոյ շնորհիւ երէկ առաւօտեան կարելի եղաւ Իրանի կուսակցութեան Հերմելի որջը ցնցել»:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնը կատարուած է «Ժապհաթ Նուսրայի առիւծներէն մէկուն կողմէ»` ի պատասխան Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի կողմէ սիւննի երեխաներուն եւ կիներուն սպանութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ սիւննի համայնքին` դիմադրելու «սատանային կուսակցութեան»:

Ըստ լիբանանեան բանակին տուեալներուն, ականուած ինքնաշարժը կը պարունակէր 30 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:

Պայթումին վայրը ժամանեցին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք հետաքննութիւն բացին դէպքին շուրջ, ինչպէս նաեւ Հերմել ուղղուեցան քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները:

Ապահովական ուժերուն համաձայն, անձնասպանական գործողութեան համար օգտագործուած ինքնաշարժը գողցուած ինքնաշարժ մըն է, որ կը պատկանէր լիբանանահայու մը:

01-175Պայթումին համար օգտագործուած «Քիա սփորթեճ» տիպի սեւ ինքնաշարժը կը պատկանէր Նազարէթ Շահինեանի, որ հաստատեց, որ ինքնաշարժը Անթիլիասի իր բնակարանին մօտակայքէն գողցուած է 8 նոյեմբերին` աւելցնելով, որ նոյն օրուան ընթացքին Անթիլիասի մէջ «Քիա» տիպի երեք ինքնաշարժներ գողցուած են:

Նազարէթ Շահինեան հաստատեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է բանակի գաղտնի սպասարկութենէն, որ իրմէ պահանջած է իր ինքնաշարժին գողութեան յատուկ ոստիկանատան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ այլ փաստաթուղթեր:

Ան ցաւ յայտնեց, որ այդ ինքնաշարժը նման բռնարարքի մը նպատակով օգտագործուած է եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի դատապարտեց պայթումը` նշելով, որ պայթումը Հըզպալլայի գրասենեակի մը առջեւ չէ պատահած, որովհետեւ ամբողջ Հերմելի բնակիչները Դիմադրութեան հետեւորդներն են:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր նշեց, որ նման ոճրագործութիւններ եւ անձնասպանական գործողութիւններ լիբանանցիներուն մէկ պատգամ կը փոխանցեն` միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ լիբանանցիները երկու բանի կարիք ունին. քաղաքական փոխըմբռնում եւ կառավարութեան կազմութիւն, որոնք պիտի արդիւնաւորուին նախագահական ընտրութեամբ:

Ռահմէ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ապահովական յստակ միջոցառումներու` լուծելու համար արձանագրուած բոլոր այս բացթողումները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց Հերմելի պայթումը` զայն նկատելով Լիբանանը հարուածող ոճիրներու շղթային մէկ օղակը:

1011777Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմադրել Լիբանանին սպառնացող այս վտանգներուն:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց պայթումը, որ հարուածած է անմեղ քաղաքացիներ. ան կոչ ուղղեց բոլորին միասնական դառնալու:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումը` պահանջելով ձերբակալել յանցագործները եւ զանոնք յանձնել դատական իշխանութիւններուն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը անխտիր կը հարուածէ Լիբանանը. ան նշեց, որ ահաբեկչութիւնը արդարացնելը քաղաքական անմտութիւն է:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը ոչ ոք զանց կը կացուցէ` շեշտելով, որ  միայն միասնականութեամբ կարելի է դէմ դնել անոր:

Պայթումը դատապարտուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ յանցագործները արդարութեան յանձնելու:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլի դատապարտեց պայթումը եւ կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նախորդը

Պըրրի-Ալի Հանդիպում

Յաջորդը

«Կարելի Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Լուծել, Եթէ Կողմերը Ատիկա Չեն Ցանկար» Ըսաւ Պուրքհալթեր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.