ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ այս պայմաններուն ներքեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը կը տարբերի նախկին կառավարութիւններուն կազմութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը զօրակցի ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ բոլոր լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անդամները կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլէն կը պահանջեն նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւն առաջադրել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան մէջ քրիստոնեայ ներկայացուցչութիւնը հիմնական է եւ ռազմավարական:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ թնճուկը կը գտնուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու քաղաքական կեցուածքին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը եւ կառավարութեան կազմութեան առանցքները տարբեր են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սեսին Սեսին յայտնեց, որ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ուղղուած է Լա Հէյ` հետեւելու համար Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնել, մինչեւ որ ան Սուրիայէն դուրս գայ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան յանձնելու լուրջ հարց կայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը լիբանանեան դաշտին վրայ կը գտնուի արդէն` միջազգային զօրակցութեան պատուաստ մը ստանալէ ետք:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին լայն խորագիրներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մասին հիմնական խորհրդակցութիւնները կը դառնան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կա՛մ ամբողջական կերպով մաս պիտի կազմեն կառավարութեան եւ կա՛մ պիտի մերժեն մասնակցիլ կառավարութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի սէուտցիներուն հետ խօսած է կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու անհրաժեշտութեան մասին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ իրենք այսուհետեւ պիտի չընդունին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Հըզպալլայի միլիսը օրինականացնել: Ան աւելցուց, որ Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն տարազը կտրականապէս մերժելի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը որոշած են մաս չկազմել այն կառավարութեան, որուն մէջ Հըզպալլան ներկայացուած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ անոր հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը առանց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մաս պիտի չկազմէ երկրին կառավարութեան:


