

Երէկ` կիրակի, 12 յունուար 2014-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը` ախոյեան Սատաքայի եւ Պէյրութի դրամատան միջեւ:
Պէյրութի դրամատունը 1 – 0 արդիւնքով յառաջացաւ Սատաքայի վրայ, երբ 3 – 1 արդիւնքով (կիսախաղ` 3 – 0) յաղթանակ մը արձանագրեց:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 15 յունուար 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Երէկուան այս մրցումին Պէյրութի դրամատան միջազգային բերդապահ Հիւսէյն Համտանի եղաւ օրուան մարզիկը` բազմիցս վտանգաւոր յարձակումներ զսպելով:


