ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ երբ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, ապա ի՞նչ իմաստ ունի չէզոք կառավարութեան մասին խօսիլը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան Իսրայէլի կողմէ մնայուն կերպով պատերազմի ենթակայ է: Ան շեշտեց նաեւ, որ կարելի չէ կոճակ մը սեղմելով Հըզպալլան ապազինել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն մաս կը կազմեն իրենց դաշնակիցին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջոցով, աւելցնելով, որ իրենք ամբողջական վստահութիւն ունին Պըրրիի նկատմամբ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիր կազմած է ապահովական բջիջ մը` տնօրինելու համար զինեալ գործողութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնական աշխատանք տանելու` դիմագրաւել կարենալու համար հաւատադրժողական վտանգը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ դառնալու իրականութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ այդ հարցին լուծումը լիբանանեան չի կրնար ըլլալ:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ-քրիստոնէական երկխօսութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հարես Շեհապ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին այցելած Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանին եւ անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան սահմանադրական ժամկէտներուն նկատմամբ յարգանքը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները մաս պիտի կազմեն կառավարութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Իրան ոչ մէկ ձեւով մասնակից դարձած է Մաժետ Մաժետի հարցաքննութեան` նախքան անոր մահը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով դրական քայլեր կ՛արձանագրուին:
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ այս շաբթուան ընթացքին պիտի կազմէ երկրին կառավարութիւնը: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը կազմելու խորհրդակցութիւնները դրական են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները կարելի չէ կառավարութեան մէջ նկատի չունենալ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնը 50 առ հարիւրի հասած է:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը չկազմելու մասին ամերիկեան խորհուրդներ ստացած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը առանց իրենց մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան: Ան ըսաւ, որ իրենք կը մերժեն գործակցիլ այն կողմին հետ, որ երկրին տարածքը շրջանցող ռազմավարութիւն կը գործադրէ:
ՍՈՒՐԻՈՅ հետ սահմանամերձ Քասըր գիւղաքաղաքին մէջ լիբանանեան բանակը երէկ գործադրեց ապահովական ներխուժումներ:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փարիզի կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուելիք օժանդակութիւնը ամիս մը ետք պիտի սկսի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու լուրջ առիթ կայ:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին կողմէ ցարդ հրապարակուած կառավարութեան կազմերը իրականութեան հետ կապ չունին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելը լիբանանցիներուն վտանգ կը սպառնայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը մերժող կողմը կը սրէ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ սադրանքներ նախապատրաստելու:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները պատճառ կը դառնան կառավարութեան կազմութեան ուշացումին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն պահանջեց Լիբանանի մէջ սուրիացի ոեւէ հաւատադրժող կամ զինեալ չհովանաւորելու:


